Իսրայէլեան օդուժը Շաբաթ, 28 Փետրուարի առաւօտեան յարձակում շղթայազերծեց Իրանի վրայ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, հաղորդեց. «Իսրայէլ Իրանի վրայ կանխարգելիչ յարձակում գործեց»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտարարեց. «Քիչ առաջ Իրանի մէջ մարտական լայնածաւալ գործողութիւն մը սկսանք», դիտել տալով որ. «Մեր նպատակը իրանեան վարչակարգէն եկող մօտալուտ սպառնալիքները վերացնելու ճամբով ամերիկացի ժողովուրդը պաշտպանելն է։ Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ»:
Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Թեհրանի հարաւը գտնուող շարք մը նախարարութիւններ թիրախաւորուեցան։ Իրան կը պատրաստուի հակադարձելու, եւ այդ հակադարձութիւնը զգետնող պիտի ըլլայ»:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի յայտնեց. «Սկսած է հոլովոյթ մը, որուն աւարտը ձեր ձեռքը պիտի չըլլայ»:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը Կիրակի, 1 Մարտի առաւօտեան հաստատեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը: Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, որ սպանուած են Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետն ու պաշտպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Մուհամմետ Փաքփուրն ու Խամենէիի խորհրդական Ալի Շամխանին:
Իրան անցեալ քանի մը օրերու ընթացքին թիրախաւորեց Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը:
Միւս կողմէ Իսրայէլ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն ուղղութեամբ յարձակումներու նոր ալիքի ձեռնարկեց, բնակչութիւնը յորդորելով դուրս գալ հարաւէն եւ ուղղուիլ Լիթանի գետի հիւսիսային շրջանը։