Սէուտական Արաբիան սկսած է կրճատել քարիւղի արդիւնաբերութիւնը, քանի որ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան արգելափակման հետեւանքով երկրին մէջ քարիւղի պահեստները լեցուիլ սկսած են:
Աղբիւրին համաձայն, Սէուտական Արաբիան աշխարհի մէջ քարիւղի մեծագոյն արտաբերողն է. թագաւորութիւնը օրական կ’արդիւնաբերէ շուրջ 10 մլն․ տակառ եւ կ’արտահանէ օրական մօտ 7 մլն․ տակառ:
Աւելի ուշ արդիւնաբերման կրճատման մասին յայտարարած էին նաեւ Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթն ու Իրաքը:
Իրան գրեթէ ամբողջութեամբ փակած է Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը՝ ի պատասխան Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի յարձակումներուն: Նեղուցէն կ’անցնի քարիւղի համաշխարհային հոսքի շուրջ 20 տոկոսը։