«Ալ-Ճազիրա» լրատուական կայանը յայտնեց, որ «Քաթար Ուժանիւթ» (QatarEnergy) ընկերութիւնը յայտարարած է, որ պաշտօնապէս տեղեկացուցած է իր այն յաճախորդներն ու գնորդները, որոնք կրնան տուժել ստեղծուած կացութենէն, թէ հաստատուած է «անյաղթահարելի ուժի» (Force Majeure) իրաւական վիճակը։ Ուստի ընկերութիւնը պիտի դադրեցնէ կազի եւ անոր առնչուող արտադրանքներու արտադրութիւնը։

ԾՆԹ․։ Անյաղթահարելի ուժը (Force Majeure) իրաւաբանական եզրոյթ մըն է, որ կ’օգտագործուի պայմանագրերու մէջ, երբ արտակարգ եւ անկանխատեսելի պարագաներ (ինչպէս պատերազմը կամ բնական աղէտները) թոյլ չեն տար կողմերէն մէկուն կատարելու իր պարտաւորութիւնները, հետեւաբար ան իրաւական պատասխանատուութեան ենթակայ չի դառնար։