ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Ալվարո Արփելա անակնկալի մատնուեցաւ Լա Լիկի 25-րդ փուլին Օսասունայէն կրած 1 – 2 արդիւնքով պարտութենէն, իսկ Չեմփիընզ լիկի փլէյ-օֆֆի՝ Պենֆիքային դէմ տեղի ունենալիք պատասխան հանդիպումը 25 Փետրուարին կրնայ վճռորոշ դառնալ սպանացի մասնագէտի ապագային համար։ Այս մասին յայտնեց Sport.es-ը: Աղբիւրին համաձայն, մատրիտեան ակումբի ֆութպոլիստները սկսած են կորսնցնել իրենց վստահութիւնը մարզիչին նկատմամբ, իսկ Ռէալի ղեկավարութիւնը չէ կրցած հասկնալ Արփելայի խաղարկութեան ոճը։ Արքայական ակումբի պատասխանատուները կ’ենթադրեն, որ մարզիչը կ’ուզէ գոհացնել խաղացողները, իսկ հանդիպումներու ընթացքին անոր կատարած փոխարինումները անբացատրելի կը մնան։ Ռէալ յոյս ունի, որ Արփելան տիտղոս կը նուաճէ, որպէսզի շարունակէ իր գործակցութիւնը խումբին հետ։ Չի բացառուիր, որ Պենֆիքայի ետդարձի հանդիպումին արդիւնքը կողմերուն միջեւ եղած պայմանագրութեան խզման առաջնորդէ:
ԵՐԿՈՒ ԱԿՈՒՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է
Պրազիլցի կիսապաշտպան Քազըմիրոն, որ ընթացիկ մրցաշրջանի աւարտին կը հեռանայ անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտէն, իր մարզական կեանքը շարունակելու երկու հաւանական տարբերակ ունի։ Այս մասին յայտնած են մարզական լրագրողներ: Ըստ աղբիւրներուն, փորձառու կիսա-պաշտպանին իրենց կազմին մէջ կ’ուզեն տեսնել պրազիլիական Սան Փաուլոն եւ ամերիկեան Ինթէր Մայամին, վերջինիս մէջ հանդէս կու գայ արժանթինցի նշանաւոր յարձակող Լիոնէլ Մեսսին։ Պրազիլցի ֆութպոլիստի եւ Կարմիր Սատանաներ կոչուած ակումբին միջեւ գործող պայմանագրին ժամկէտը կ’աւարտի յառաջիկայ ամռան։ Նշենք, որ ընթացիկ մրցաշրջանին Քազըմիրոն մասնակցած է 25 մրցումներու՝ դառնալով 5 կոլի եւ 2 արդիւնաւէտ փոխանցման հեղինակ:
Ռէալ Մատրիտի կեդրոնական պաշտպան Անթոնիո Ռոտրիկէզ, հաւանաբար շարունակէ ելոյթները սպանական արքայական կազմին հետ՝ նոր պայմանագիր կնքելով: Ըստ լրատու աղբիւրներու, Ռէալի ակումբը կրնայ հրաժեշտ տալ 32-ամեայ գերմանացի ֆութպոլիստին, երբ աւարտի անոր գործող պայմանա-գրին ժամկէտը: Միւս կող-մէ, ըստ Defensa Central-ի, մատրիտեան ակումբի ղեկավարութիւնը այժմ լրջօրէն կը սերտէ պաշտ-պանին հետ գործակցու-թիւնը երկարաձգելու տարբերակը: Տեղեկու-թիւններուն համաձայն, ակումբը կը գտնէ, որ Ռոտրիկէզ իր հարուստ փորձառութեամբ կրնայ առանցքային դեր խաղալ խումբին մէջ, ինչ որ յատկապէս կարեւոր է խումբի բազմաթիւ երիտասարդ եւ խոստմնալից ֆութպոլիստներու յաջող ընթացքին համար:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


