ՏԵՂԱԿԱՆ
Սուրիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանական մրցումները ընթացք պիտի առնեն յառաջիկայ օրերուն։ Մրցումներուն պիտի մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կազմը, որ կը բաղկանայ 23 մարզիկներէ՝ մեծա-մասնութիւնը երիտասարդներ: Խումբի գլխաւոր մարզիչն է Յակոբ Տէր Պօղոսեան, իր հետ ունենալով պատասխանատու կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն Գէորգ Թաշճեան՝ ատենապետ, Յարութ Կիւլեսէրեան, Շանթ Երանոսեան, Գրիգոր Հազարանեան, Փոլ Գէորգեան, Կարո Պօշկեզէնեան եւ Ճորճ Իսահակեան։ Լիայոյս ենք, որ ՀՄԸՄ-ի առաջին խումբը կ’արձանագրէ պատուաբեր արդիւնքներ։ Իր կարգին վարչական կազմը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ յաջող արդիւնք ձեռք բերելու համար:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱԹԼԵԹԻՔՈ ՄԱՏՐԻՏ ՆԿԱՏԵԼԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ
Սպանիոյ ախոյեան եւ գաւաթակիր Պարսելոնան երկրի թագաւորական բաժակի խաղարկութեան կիսեզրափակիչ փուլը սկսաւ։ Առաջին խաղը հիւրընկալուեցաւ Աթլեթիքո Մատրիտի կողմէ, ուր կրեց ծանր պարտութիւն մը՝ 4-0 արդիւնքով: 6-րդ վայրկեանին սեփական դարպասը գրաւեց քաթալոնէական խումբի սպանացի պաշտպան Էրիք Կարսիան, որ 86-րդ վայրկեանին կարմիր քարտով հեռացաւ դաշտէն: Արժանթինցի Տիէկո Սիմէոնէի գլխաւորած խումբի ֆրանսացի խաղացող Անթուան Քրիզման 14-րդ վայրկեանին կրկնապատկեց արդիւնքը, որմէ տասը վայրկեան ետք, կազմին նոր միացած Նիճերիացի խաղացող Ատեմոլա Լուքման արձանագրեց երրորդ կոլը: Նախքան կիսախաղը, դաշտի տէրերը չորրորդ կոլը նշանակեցին, շնորհիւ Խուան Ալվարէզի: Երկրորդ կիսախաղուն, արդիւնքը մնաց նոյնը: Պարսելոնայի խաղարկութիւնը մասամբ աշխուժացաւ. խումբը կրցաւ քանի մը առիթով վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը, բայց բոլոր յարձակումները մնացին ապարդիւն:
Աւելցնենք, որ զոյգ խումբերուն միջեւ դարձի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 3 Մարտին, Քէմփ Նոյ մարզադաշտին վրայ:
Լոնտոնի Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Իկոր Թուտորը: Անգլիական ակումբի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, խրուաթ մասնագէտը խումբը պիտի ղեկավարէ մինչեւ այս մրցաշրջանի աւարտը։ «Թուտոր մեզի միացաւ բարելաւելու արդիւնքները, խումբը հասցնելու յաջողութեան եւ բարձրացնելու զայն «Փրեմիէր լիկ»-ի մրցաշարային աղիւսակին։ Վերջին շրջանին խումբի արդիւնքները այդքան համոզիչ չէին։ Մեր նպատակն է մշտապէս հանդէս գալ լաւ արդիւնքներով», իր հաղորդագրութեամբ յայտնեց ակումբը: 47-ամեայ մասնագէտը գլխաւորած է Իւվենթուսը, Լացիոն, Մարսէլը եւ Վերոնան: Աւելցնենք, որ 11 Փետրուարին Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացուեցաւ 52-ամեայ դանիացի Թոմաս Ֆրանքը: Անգլիոյ առաջնութեան 26 փուլերէն ետք, խումբը 29 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


