ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՀԻՆԳ ՄԱՐԶԻԿՈՎ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ
Հայաստանի 5 ներկայացուցիչներ 6-22 Փետրուարին Միլանի եւ Կորտինայի մէջ կը մասնակցին Ձմեռնային 25-րդ ողիմպիական խաղերուն: Հայաստանը կը ներկայացնեն դահուկորդներ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան, լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Կարինա Ակոփովա – Նիկիթա Ռախմանին գեղասահքի մարզային զոյգը: Խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակիրը դարձաւ Կարինա Ակոփովա եւ Նիկիթա Ռախմանի: Անոնք նուաճած են գեղասահքի զոյգերու առաջին ողոմպիական ուղեգիրը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան շրջանին։ Մարզախաղերուն առաջին մասնակցողները եղան գեղասահորդները. կարճ ծրագրի որակաւորման փուլին, անոնց մրցելոյթը տեղի ունեցաւ 6 Փետրուարին: 7 Փետրուարին դահուկորդ Քաթիա Գալստեան հանդէս եկաւ 20 քկ. սկիաթլոն (դասական/ազատ ոճ) մրցումին, իսկ 12 Փետրուարին պիտի մասնակցի 10 քկ. ինթերվալ (ազատ ոճ) մրցաձեւին: 8 Փետրուարին Միքայէլ Միքայէլեան հանդէս եկաւ նաեւ 20 քկ. սկիաթլոն (դասական/ազատ ոճ), ինչպէս նաեւ 13-ին՝ 10 քկ. ինթերվալ (ազատ ոճ) մրցաձեւին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ
ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Անգլիոյ Փրեմիէր լիկի առաջնութեան 25-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Սիթին: Մրցումը դարձաւ ուժեղ եւ խիտ իր յարձակումներով: Զոյգ խումբերը կրցան վտանգի ենթարկել դարպասները եւ ներկայանալ գեղեցիկ խաղարկութեամբ: Առաջին կիսախաղը 0-0 հաւասար աւարտելով, կազմերը նոյն թափով շարունակեցին երկրորդ բաժինը: 74-րդ վայրկեանին, հանդիպման հաշիւը բացուած յայտարարեց Լիվըրփուլի հունգարացի կիսապաշտպան Տոմինիք Սոփոսլայի։ 10 վայրկեան ետք, հաւասարութեան կոլի հեղինակը դարձաւ փորթուկալցի կիսապաշտպան Պերնարտո Սիլվան։ Հիւրերը, աւելցուած ժամուն, տուգանային հարուածով յաջողեցան նշանակել յաղթական կոլը շնորհիւ նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հոլանտի։
ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Սլովենիոյ մայրաքաղաք Լիւպլիանայի Ստոժիցէ Արենա մարզահամալիրին մէջ ֆութսալի ԵՒՐՕ-2026-ի եզրափակիչին Սպանիոյ ազգային հաւաքականը 5-3 արդիւնքով, պարտութեան մատնելով Փորթուկալը, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Հանդիպման մեկնարկը յաջող էր սպանացիներուն համար. անոնք առաջին վայրկեանին կրցան նշանակել առաջին կոլը, որմէ մէկ վայրկեան ետք կրկնապատկեցին արդիւնքը: Փորթուկալի խաղացողները կրցան արագ վերականգնիլ եւ 4-րդ վայրկեանին Աֆոնսո Ժեզուս կրճատեց հաշուի տարբերութիւնը, իսկ 6-րդ վայրկեանին արդիւնքը դարձաւ 2-2: Սպանացիները տիրապետելով խաղարկութեան, կրցան դարձեալ ձեռք ձգել առաւելութիւն եւ շարունակել իրենց յաջող խաղարկութիւնը, որ հասաւ իր աւարտին՝ 5-3 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ այս 8-րդ անգամն է որ Սպանիա կը տիրանայ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


