ՏԵՂԱԿԱՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Լիբանանի Նուհատ Նոֆալ մարզահամալիրին մէջ 78 – 70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը: Մրցումին, սուրիացի խաղացողները կրցան տիրապետել խաղարկութեան եւ ձեռք ձգել արդիւնքը ներկայանալով բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ: Աւելցնենք, որ Երկուշաբթի, 2 Մարտին Սուրիա իր երկրորդ մրցումը կատարեց Իրանի կազմին հետ, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անապահով պայմաններուն բերումով, Ֆիպայի որոշումով հանդիպումը յետաձգուեցաւ ցնոր տնօրինում:
– Հալէպի Ահլիի վարչութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց պասքեթի տղոց խումբի արհեստավարժ խաղացողներ՝ Ժոնըթըն Քումինկան եւ Փաթրիք Ռամպերթը: Շաբաթ, 28 Փետրուարին վարչութիւնը իր կայքէջին վրայ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կազմին պիտի միանան սենեկալի հաւաքականի խաղացող Մախթար Կույը՝ 208 սմ. եւ ֆրանսացի խաղացող Պորիս Տիոն՝ 196 սմ.:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՏԻԳՐԱՆ ԲԱՍԵՂԵԱՆ ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ՉԿԱԶՄԷ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ
Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բասեղեան այսուհետեւ մաս պիտի չկազմէ հաւաքականին: Այս մասին ան հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Սիրելի՛ համակիրներ, կը փափաքիմ տեղեկացնել, որ որոշած եմ աւարտել իմ մարզական կեանքը Հայաստանի Ազգային Հաւաքականէն ներս։ Ինծի համար մեծ պատիւ ու պատասխանատուութիւն էր տարիներ շարունակ Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի մարզաշապիկը կրել եւ մեր երկրի գոյները պաշտպանել։ Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ազգային հաւաքականէն ներս զիս մարզած բոլոր մարզիչներուն, ընկերներուս, հաւաքականի բժշկական եւ պատասխանատու անձնակազմին, Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան բոլոր աշխատակիցներուն եւ վստահաբար մեր հաւատարիմ ժողովուրդին, որ միշտ եղած է մեր կողքին՝ թէ՛ յաղթանակներու, եւ թէ պարտութիւններու ժամանակ։ Կը մաղթեմ որ մեր ազգային հաւաքականները յաղթանակներ եւ մեծ ձեռքբերումներ արձանագրեն»:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ուրբաթ, 27 Փետրուարին, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Չեմփիընզ Լիկի 1/8 եզրափակիչի վիճակաձգումը: Լիկի առաջին 8 տեղերը զբաղեցուցած խումբերը հասած էին մրցաշարքի 1/8 եզրափակիչ, իսկ 9-էն 24-րդ տեղերը գրաւած կազմերը անցումային փլէյ-օֆֆին մասնակցելով դարձած էին վերջին 8 ուղեգրերու խումբերը։ Վիճակաձգութեան արդիւնքով ձեւաւորուեցան հետեւեալ զոյգերը.
– Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի
– Պուտիօ-Գլիմտ – Սփորթինկ Լիզպոն
– Փարիզ Սան Ժերման – Չելսի
– Նիուքասըլ – Պարսելոնա
– Կալաթասարայ – Լիվըրփուլ
– Աթլեթիքո Մատրիտ – Թոթենհամ
– Աթլանթա – Պայերն Միւնէխ
– Պայերն Լիվըրքուզըն – Արսենալ
Զեմփիընզ Լիկի 1/8 եզրափակիչի առաջին հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 10 եւ 11 Մարտին, իսկ դարձի խաղերը՝ 17 եւ 18 Մարտին:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


