ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԾԱՂԻԿՆԵՐ

Գարնան եղանակին հետ կ’արթննայ բնութիւնը եւ մեզի կը պարգեւէ գեղեցիկ ծաղիկներ, կեանքի վերածնունդը պարզելով: Գարնան ամէնուր նկատելի կը դառնան փարթամ ծառեր ու գունաւոր ծաղիկներ: Անոնք կ’ունենան իւրայատուկ գեղեցկութիւն, բոյր եւ  ազդեցութիւն:

Յոյները գարնան ծաղիկները կապած են գարնան վերածնունդի աստուածուհիին հետ, մինչդեռ քրիստոնեաները Յիսուսի վերածնունդին հետ, այս մշակոյթները կ’օգտագործէին ծաղիկները՝ տարբեր հիւանդութիւններ բուժելու համար, օրինակ գարնանային խատուտիկները օգտակար էին մարսողական հարցերը բուժելու:
Մարգարտածաղիկ
Այս ծաղիկը կ’ազդէ արեան շրջանառութեան դրոյթին վրայ, կազդուրիչ յատկութիւն ունի նաեւ ոտքերու երակներուն եւ ծայրամասերու մազերակներուն վրայ։ Ուստի ան օգտակար է արեան վատ շրջանառութիւն ունեցողներուն համար, երբ արիւնը չի հասնիր ոտքերու եւ մատներու ծայրամասերուն, մանաւանդ ձմռան պաղ օրերուն (կարմրած, ուռած եւ ցաւոտ ոտքերը ցուցանիշն են այս հարցին): Բոյսը լեարդը կը  պաշտպանէ յաւելեալ ծանր ուտեստէ, թունաւորումներէ, գինեմոլութենէ եւ լեարդի ժահրային հիւանդութեան հետքերէ:
Պամպու-Հնդկեղէգ
 Այս բոյսի ցօղունէն քաղուած հիւթը կ’օգտագործուի բուժման նպատակով:
 Արագ աճող հնդկեղէգը օրական 20 սմ. կը բարձրանայ, կրնայ հասնիլ մինչեւ տասը մեթրի: Ան հարուստ է սիլիս կոչուող տարրով, որ ունի դրական ազդեցութիւն յօդերուն վրայ: Սիլիսը մղիչ տարրն է collagene-ին, որ կը գտնուի ոսկորներու հիւսկէններուն մէջ, որպէս ոսկորներու հանքային տարր։ Հնդկեղէգը կը կանխարգիլէ ոսկորներու աստիճանական կակղացումն ու պարպումը:
Հնդկեղէգը կը գործածուի սնունդ տալու ոսկորներուն, կռնակի ցաւերը բուժելու եւ կանխարգիլելու ոսկորներու փտումը:
Լաւանտ
Այս բոյսին ծաղիկները կ’օգտագործուին բուժման նպատակներով։
Լաւանտը ունի հաճելի բոյր, անոր մէջ գտնուող իւղը  շատ մաքուր է: Ունի կապոյտէն մանիշակագոյնի թեքող գոյն մը, հանգստացնող ազդեցութիւն ջղային համակարգին վրայ ու յանձնարարելի է մեծերու եւ փոքրերու՝ մտահոգութեան  եւ ջղային տագնապներու  պարագաներուն: Իւղը հանգստացնող, սրտի զարկը հաւասարակշռող, շնչառութիւնը կարգաւորող եւ կուրծքի բորբոքումին դէմ պայքարող յատկութիւն ունի:
Սոճի, Շոճի (Սնուպար)
Այս բոյսին բողբոջները կ’օգտագործուին:
Սոճին ծանօթ է իր բաց վարդագոյն կեղեւով, սուր եւ կարճ ասեղանման տերեւներով եւ հաւկթաձեւ բողբոջով: Այս վերջինները դուրս կ’արտադրեն հաճելի բոյր մը, որ յատուկ է սոճիին, շնորհիւ իր պարունակած իւղին: Այս իւղը  հականեխիչ է ու կը պայքարի ձմեռնային անհանգստութեանց դէմ:
Կը գործածուի շնչափողի, թոքերու գրգռութեանց, հարբուխի, ինչպէս նաեւ հազի դէմ պաշտպանուելու:
Կարմիր Որթատունկ
Կարմիր խաղողի որթատունկին տերեւները կարելի է օգտագործել շատ մը պարագաներու:
Մագլցող այս տունկը որպէս դեղ կ’օգտագործուի արեան տկար շրջանառութիւն ունեցողներուն համար: Կ’օգտագործուի նաեւ որպէս երակները ընդլայնող դեղ:
Ձիթենի 
Ձիթենիին պտուղը եւ տերեւը կ’օգտագործուին շարք մը անհանգստութիւններէ խուսափելու համար:
Տերեւները ունին արեան ճնշումը նուազեցնող եւ  միզեցնող յատկութիւն, կը նուազեցնէ նաեւ մաղձաճարպի քանակը,
կը կարգաւորէ սրտին զարկերը, կը նուազեցնէ արեան շաքարի քանակը եւ կը նպաստէ մարսողութեան:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան