ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ 
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ
Հայ մեծ երգահան եւ խմբավար Կոմիտասի մասին արձանագրուած են հետեւեալ յուշերը.
1. Քեոթահիոյ մէջ անոր կ’անուանէին «Թափառական փոքրիկ երգիչ»։
2. Երբ Սողոմոն կը ձայնագրէր Էջմիածնի շրջակայ գիւղերուն մէջ երգուող երգերը, գիւղացիները զինք կը կոչէին «Նոթայի Վարդապետ»։
3. Երբ Կոմիտաս ծնաւ, մայրը 16 տարեկան էր:
4. Կոմիտաս կը խօսէր հայերեն տարբեր բարբառներով:
5. Կոմիտաս չէր խմեր, չէր ծխեր: Ամառ, թէ ձմեռ՝ կը քնանար մշտապէս բաց պատուհանով: Կը քնանար մահճակալի յատակին՝ առանց ներքնակի ու բարձի:
6. Մտերիմ էր իր աշակերտներուն հետ. չէր խուսափեր նոյնիսկ կատակներ ընելէ: Սակայն դասերու ու փորձերու ընթացքին խիստ ու պահանջկոտ էր:
7. Իր սիրելի սաները եւ մտերիմները «քէրթէնքէլէ»՝ մողէզ կ’անուանէր, ինքն ալ մողէզի պատկերով կուրծքի զարդ ունէր:
8. Ան շատ գեղեցիկ ձեռագիր ունէր:
9. Կը սիրէր նարտի խաղալ վարպետ խաղցողներու հետ: Յաղթելու պարագային, Կոմիտաս խաղակիցին կ’ըսէր. «Տէ, գնա՛, պապայիդ բարեւ ըրէ», իսկ երբ պարտուէր, անմիջապէս կը թռչէր ու կը վազվզէր փոքրիկներու հետ:
10. Կը սիրէր ժամանակակից իրեր գործածել. ունէր կնիքներ, այցելութեան քարտեր եւ այլն:
11. Տաղանդաւոր պարող էր: Կը պարէր տղամարդոց խիզախ, խրոխտ, մարտական սուրով պարերը՝ ձայնի հարազատ ելեւէջներով ու մարմնի ու ձեռքերու նուրբ շարժումներով:
13. Սողոմոն Սողոմոնեան օծուած է 7-րդ դարու նշանաւոր բանաստեղծ, շարականներու հեղինակ Կոմիտաս կաթողիկոսի անունով:
14. Դասարանցիներուն համաձայն, նիհար ու գունատ տղայ էր Կոմիտաս, խոհեմ ու բարի։
ԳԻՏԱԿԱՆ
ՏՈՓԱՄԻՆԸ ՄԱՐԴՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ  ԱՆՈՐ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽԹԱՆԷ
Վերջերս հրապարակուած գիտական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ տոփամին հորմոնը ոչ միայն առնչուած է երջանկութեան զգացումին, այլ նաեւ ուղղակի դեր կը խաղայ պարգեւ ստանալու պահուն մարդու ֆիզիքական աշխուժացումը խթանելու մէջ։ Այս իրողութեամբ կը բացատրուի հաճելի պահերուն մարմինի արագ արձագանգը։
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու University of Colorado Boulder-ի մէջ, փրոֆէսորներ Ալաա Ահմատի եւ Քոլին Քորպիշի հսկողութեամբ։ Արդիւնքները հրապարակուած են Science Advances գիտական հանդէսին մէջ, որ կը հրատարակուի American Association for the Advancement of Science-ի կողմէ։ Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ դրական անակնկալները զգալիօրէն կ’արագցնեն մարմինին շարժումները, նոյնիսկ պարգեւ ստանալէ ետք։
Հետազօտողները կատարած են փորձ մը՝ օգտագործելով համակարգչային պաստառ եւ կառավարման ձողիկ։ Մասնակիցներուն տրուած են տեսանելի եւ ձայնային պարգեւներ՝ որոշ նպատակներու հասնելու համար։ Արդիւնքով նկատուած է, որ անոնց շարժումները աւելի արագ դարձած են, երբ պարգեւները անսպասելի եղած են, ինչ որ կը վկայէ ուղեղի պարգեւատրման համակարգին եւ ֆիզիքական աշխուժացման մակարդակին միջեւ սերտ կապի մը գոյութեան մասին։
Այս արդիւնքները կը նպաստեն մարդու վարքագիծին եւ անոր շարժումներու խթանումին առնչուող ջղային համակարգը աւելի լաւ հասկնալու։ Անոնք կարելիութիւն
կու տան նաեւ մարդոց շարժումի չափը սերտելու որպէս հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան հաւանական ցուցանիշ, մանաւանդ Parkinson’s disease-ով կամ ընկճախտով տառապող անձերու պարագային, որոնց առօրեայ շարժումին արագութիւնը կրնայ արտացոլել իրենց տրամադրութիւնը։