ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ԵՒ 
ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
2025-ը ցոյց տուաւ, որ համացանցը շատոնց դադրած է զբաղում ըլլալէ: Ան դարձած է ուսուցիչ, ընկեր եւ շատ մը դէպքերու պարագային վտանգաւոր միջավայր: Կարճ տեսերիզները դարձան տարուան ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը: TikTok-ը, Reels-ը եւ Shorts-ը մանուկն ու պատանին վարժեցուցին անհամբեր եւ ջղագրգիռ ըլլալ: Անոնց դասերու եւ նոյնիսկ զրոյցներու ընթացքին կեդրոնացած չըլլալը զգալի դարձաւ, որովհետեւ անոնց ուղեղները վարժուեցան կարճ ազդակներու մէջ աշխատելու:
2025-ին նկատելիօրէն փոխուեցաւ նաեւ մանուկներու եւ պատանիներու ինքնագնահատումը: Հաւանումներն  ու դիտումները եղան ոչ միայն զբաղում, այլեւ գնահատման միաւոր: Անոնք սկսան իրենք զիրենք գնահատել թիւերով, որոնք յաճախ ճշգրիտ գնահատականի ցուցանիշ չեն:
Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ արհեստական բանականութեան մանուկներու կեանք սրընթաց ներթափանցումով։ AI-ը դարձաւ տնային աշխատանքներու օգնական, բացատրող, երբեմն ալ՝ խորհրդատու զգացական հարցերով։
Սակայն տարին միայն վտանգներու մասին չէր։ Համացանցը նաեւ բացաւ ինքնուսուցման լայն կարելիութիւններ։ Շատեր 2025-ին սորվեցան ծրագրաւորում, լեզուներ, ձեւաւորում այն հարթակներուն վրայ, որոնց դպրոցը դեռ չէր հասած։ Ճիշդ օգտագործման պարագային, նման միջոցներ ոչ թէ հարց կը յառաջացնեն, այլ՝ առաւելութիւն կը համարուին։
2025-ը ցոյց տուաւ նաեւ, որ պատանիները համացանցի միջոցաւ կը ստեղծեն ընկերութիւններ, կþաշխատին խումբերով, կը շփուին տարբեր երկիրներէ իրենց հասակակիցներուն հետ։ Ասիկա
կը զարգացնէ անոնց հաղորդակցութեան եւ գործակցութեան հմտութիւնները, որոնք շատոնց դուրս եկած են դասագիրքերու շրջանակներէն։
AI-ը այս ամբողջ գործընթացին մէջ դարձաւ վստահելի զրուցակից, քանի որ չի դատեր, չþընդհատեր եւ չի նուազեցներ զգացումներու արժէքը։ Բայց ճիշդ այստեղ թաքնուած է վտանգը, որովհետեւ ան գործիք է վերջապէս եւ պատանին կը հեռացնէ մարդկային միջավայրէն։
Մարիա Պոտիկեան-Գայթանճեան
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՊԱՀՔԻ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՊէՕՐԷԿ 
(Spring Rolls)
Միջուկի բաղադրութիւն
1 փոքր կաղամբ
2 կանաչ պղպեղ
2 կարմիր պղպեղ
3 ստեպղին
2 միջակ սոխ
Սեւ պղպեղ, կարմիր պղպեղ, աղ, սոյ սօս։
Խմորի բաղադրութիւն
3-4 գաւաթ ալիւր
2 ա.դ. թթխմոր, պտղունց մը շաքար
1 սուրճի գաւաթ արեւածաղիկի ձէթ
Պատրաստութիւն
Թթխմորը եւ պտղունց մը շաքարը կէս գաւաթ գաղջ ջուրի մէջ լուծել, կափարիչը գոցել եւ ձգել որ հանգչի։ Ապա պարպել 3 գաւաթ ալիւրին վրայ, աւելցնել 1 սուրճի գաւաթ ձիթաիւղը, աղը ու շաղել, մինչեւ որ կպչուն խմոր մը ըլլայ։ Ետքը մէկուկէս ժամ հանգչեցնել։
 Sոխը, կաղամբը, ստեպղինը եւ պղպեղները շերտ-շերտ մանրել ու թեթեւ կրակի վրայ քիչ մը ձէթով թմրեցնել, ապա  աւելցնել աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ, խառնել ու կէս գաւաթ ջուր աւելցնելով կափարիչը գոցել եւ 15 վայրկեան մարմանդ կրակով եփել։
Աւարտին, խմորը 8 գունդերու վերածել, կէս ժամ եւս հանգչեցնել, իւրաքանչիւրը բանալ՝ բարակ շերտի մը վերածելով զայն, կտրտել՝ 4 կամ 8 բաժիններու վերածելով, իւրաքանչիւր կտորի մէջ բանջարեղէնը զետեղել, ոլորելով մատիկներու վերածել ու շարել մոմուած թուղթով պատուած ափսէի մէջ։ Փուռը եփել մինչեւ որ պէօրէկները կարմրին։
Բարի ախորժակ