Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ յատուկ պատուիրակ Թոմաս Պարաք յայտնեց, որ Սուէյտա նահանգի մէջ տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը երկրի կայունութեան ամրապնդման ճամբուն կարեւոր քայլ կը համարուի։

Պարաք այսօր X հարթակի իր գրառումին մէջ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին հետ գործակցաբար, նպաստեց գործողութեան հեզասահ ընթացքին։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ «գերիները միացան իրենց ընտանիքներուն… Այսպիսով քայլ մը առնուեցաւ վրէժխնդրութենէն հեռանալու եւ կայունութեան մօտենալու»։