«Սուրիական օդային ուղիներ» ընկերութիւնը Շաբաթ օր յայտարարեց Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդանակայաններէն երթուդարձի թռիչքներու դադրեցումը 28 Փետրուար 2026-էն սկսեալ ցնոր տնօրինում։

Ընկերութիւնը «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ տեդադրած յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղեց չեղեալ համարուած թռիչքներու ճամբորդներուն օդանակայաններ չուղղուիլ եւ պարբերաբար ստուգել ընկերութեան պաշտօնական կայքը եւ հասարակական ցանցերու հարթակները՝ թռիչքներու վերսկսման թուականը իմանալու համար։

Ընկերութիւնը կոչ ուղղեց նաեւ ճամբորդներուն կապ հաստատելու իր տոմսարկղերու կամ յաճախորդներու սպասարկման կեդրոններուն հետ՝ ընկերութեան կանոնակարգին համաձայն տոմսերու վերաամրագրման կամ գումարի վերադարձման ընթացակարգերը կատարելու համար։