Հինգշաբթի, 26 Փետրուարին, Սուէյտա նահանգին մէջ անցեալ տարուան յուլիսեան դէպքերուն առնչուող 86 բանտարկեալներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։
Փոխանակման արդիւնքով կառավարութիւնը Սուէյտայի 61 բանտարկեալ յանձնեց շրջանի տուրզիներուն՝ սուրիական ապահովական ուժերու 25 անդամի դիմաց։
Փոխանակումը տեղի ունեցաւ քաղաքացիներուն եւ պետական հաստատութիւններուն միջև կայունութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման համար։
Սուէյտայի տեղեկատուութեան տնօրէնութիւնը նախապէս պարզած էր, որ յանձնումի-ստանձումի գործընթացը կ՚իրականանայ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հսկողութեամբ, եւ ընդգծած էր, որ այս քայլը կը միտի ամրապնդել ազգային միասնութիւնը եւ կանխել նահանգը ապակայունացնելու փորձերը։