Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեան կ՛առաջարկէ սինոտական կառոյց ստեղծել` իբրեւ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամէն ելք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին համաձայն, ան այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական հաւաքի բացման նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ըստ պատրիարքին, ասիկա պիտի ամրապնդէ Մայր աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դիրքերը: Մաշալեան նաեւ առաջարկած է սահմանել Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարման յստակ թուական:

Սինոտական կառոյցը կրօնական-եկեղեցական կառավարման բարձրագոյն մարմին է` բաղկացած բարձրաստիճան հոգեւորականներէ:

Պոլսոյ պատրիարքը` դիտել տալով, որ երկկողմանի գրգռիչ գործողութիւններն ու արտայայտութիւնները կը խորացնեն իրավիճակը, շեշտած է, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը հեղինակազրկուած է:

Անոր համաձայն, սինոտական կառոյցի կազմին մէջ կրնան ընդգրկուիլ նաեւ որոշ ընդդիմադիր հոգեւորականներ: Ասիկա, պատրիարքին կարծիքով, կրնայ հող նախապատրաստել անցումային շրջանին մէջ ելքեր որոնելու համար:
«Ասիկա առիթ է, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը ընտրէ 12 աւագ եպիսկոպոսներ, որպէսզի այս շրջանին Մայր աթոռի կառավարման գործին մէջ նեցուկ կանգնին վեհափառ տիրոջ:
«Եթէ Մայր աթոռը չստանձնէ այս վարչական բարեփոխումը, կը վախնամ, որ ներկայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կազմով վեհափառ հայրապետի հեղինակութիւնը անբաղձալի կերպով պիտի թուլանայ», յայտնած է ան: