Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Մուսաապ ալ-Ալի յայտ-նեց, որ սուրիական հիւսիսարեւելեան շրջաններու առողջապահական եւ բժշկական անձնակազմերը պիտի ներառուին Տէր զօրի, Ռաքքայի եւ Հասիչէի առողջապահութեան պետական տնօրէնութիւններուն մէջ:
Այս որոշումը արդիւնք է 30 Յունուար 2026-ին «ՔԱՍԱՏ»-ի հետ ստորագրուած համաձայնութեան:
Որոշումին համաձայն, պաշտօնեաներուն հետ պայմանագրութիւն պիտի ստորագրուի՝ ճշդելու իւրաքանչիւրի աշխատանքին բնոյթը: Իսկ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի հիւանդանոցներն ու բժշկական կեդրոնները վարչականօրէն պիտի հետեւին Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան, գործադրելով նախարարութեան օրէնքներն ու որոշումները: