Սուրիոյ Առեւտուրի Գրասենեակներու Համընկերակցութեան նախագահ Ալաա ալ-Ալի ընդունեց Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ զոյգ երկիրներու յարաբերութիւններու պատասխանատու Պրիճիթ Սթիֆընզի:
Կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու ներդրումային եւ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան անիւի յառաջ մղման մէջ մասնաւոր հատուածին դերը:
Երեքշաբթի, 24 Փետրուարին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, սերտուեցան Սուրիոյ ազատագրումէն եւ «Կայսեր օրէնք»-ի չեղարկումէն ետք երկրէն ներս տնտեսական եւ ներդրումային կարելիութիւնները:
Ալ-Ալի շեշտեց առեւտուրի եւ նեդրումի ոլորտներու զարգացման մէջ պելճիքական փորձառութիւններէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց արաբ-պելճիքական առեւտրական գրասենեակի աշխատանքը եւ ներկայացուց Սուրիոյ մէջ ներդրումային առիթները:
Պելճիքական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան, Սուրիոյ մէջ դեսպանատան աշխատանքներու գործակատար Առնոթ Փաուլզը, դեսպանատան առաջին քարտուղար Փիէր Լուիս Ռենարտը եւ այլ պատասխանատուներ: