Ժնեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանի շրջագիծէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպէրթ Աբիսողոմոնեան 24 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էլնուր Մամատովի հետ:
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը։
Հանդիպումը տեղի ունեցած է՝ որպէս շարունակութիւն տեղի ունեցած քաղաքական շփումներու:
Զրուցակիցները քննարկած են բազմակողմ հարթակներու վրայ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծէն ներս վստահութեան ամրապնդման միջոցները: