Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ապտուլ Քատեր ալ-Հասրիա տեղեկացուց, որ Կեդրոնական դրամատունը կարճ ժամանակի մէջ զգալի յառաջխաղացք արձանագրեց՝ հին դրամի 35 առ հարիւրը փոխարինելով նորով։ Փոխարինուած դրամին քանակը Յունուար 2026-էն մինչեւ օրս հասած է 42 եռիլիոն (trillion) սուրիական դրամի։