Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 23-24 Փետրուարին աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Զուիցերիա։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Պատալեան։ Արարատ Միրզոյեան Ժնեւի մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի եւ Զինաթափման համաժողովի բարձրաստիճան հատուածներուն եւ հանդէս պիտի գայ ելոյթներով: Ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ: