Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու Գերագոյն Յանձնաժողովը այսօր՝ Երկուշաբթի,23 Փետրուարին յայտարարեց Ռաքքա նահանգին մէջ երկու ընտրական շրջաններու (Ռաքքա եւ Թապքա) ընտրական մարմիններու ձեւաւորման դիմումներու ընդունման մեկնարկը:

Յանձնաժողովը իր թելեկրամեան էջով յայտնեց, որ ընտրական մարմինը Ռաքքայի շրջանին մէջ 150 անդամներէ պիտի կազմուի, ընտրելու խորհրդարանական երեք աթոռի թեկնածուներ։ Իսկ Թապքայի շրջանինը՝ 50 անդամներէ, ընտրելու խորհրդարանական մէկ աթոռի թեկնածու։
Յանձնաժողովը յայտնեց, որ նահանգի ընտրական գործընթացին մէջ պիտի յարգուի նահանգի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչներու ներկայացուածութիւնը եւ նկատի պիտի առնուի նաեւ ենթականերու մասնագիտական որակը։