Դամասկոսի մէջ, սուրիական բանակի գլխաւոր շտապի պետ գնդապետ Ալի Նաասան «ՔԱՍԱՏ» ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ընդունեց։
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան «ՔԱՍԱՏ»-ի ուժերու սուրիական բանակին մէջ համարկման քայլերուն շուրջ։ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ զինուորական ուժերու բաշխումին եւ այլ հարցերու շուրջ։
Յիշենք, որ 29 Յունուար 2026-ին, Սուրիոյ պետութիւնը «ՔԱՍԱՏ»-ի հետ ստորագրեց զինադադարի համաձայնութիւն մը, ուր առանձին կէտով կը յիշուէր «ՔԱՍԱՏ»-ի զինուորական եւ վարչական ուժերու համարկման մասին՝ սուրիական բանակին ու պետական հաստատութիւններուն մէջ։