Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա երկրորդը Երեքշաբթի օր վերստին շեշտած է իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ ապահովութեան ամրագրման ճիգերուն, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան վրայ իր անդրադարձը կրնայ ունենալ։

Թագաւորը Յորդանանի լրագրողներու արհմիութեան խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է որ անհրաժեշտ է քաջալեր հանդիսանալ բոլոր այն ճիգերուն, որոնք կը նպաստեն Սուրիոյ կայունութեան, ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը։

Անդրադառնալով Պաղեստինեան հարցին, Յորդանանի թագաւորը շեշտած է Պաղեստինի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Իսրայէլի ոտնձգութիւնները դադրեցնելու համար միջազգային գործընկերներու հետ աշխատանքի շարունակութեան կարեւորութիւնը։