20 Փետրուարին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց տարբեր երկիրներէ ժամանած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի:
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն ազգանուէր իրագործումներու առնչութեամբ՝ պատգամելով շարունակել ջանքեր գործադրել հայրենիքի զօրացման, ազգի զաւակներու արժանապատիւ ու ապահով կեանքի կերտման և մերօրեայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային-եկեղեցական կեանքը յուզող խնդիրներուն, իշխանութեան կողմէ իրականացուող հակաեկեղեցական գործողութիւններուն, ինչ որ կը վտանգէ եկեղեցականներու բնականոն առաքելութիւնը եւ հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Եկեղեցին և հոգևոր դասը անշեղօրէն պիտի շարունակեն իրենց հոգեփրկչական ու ազգապահպան առաքելութիւնը` ի նպաստ հայոց կեանքի պայծառութեան և բարօրութեան:
Պատուիրակութեան անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ կարևոր համարելով Հայոց Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդն ու առաքելութիւնը հայոց պետականութեան զօրացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար։