ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 19-20 Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ընդլայնուած խորհրդաժողով’ մասնակցութեամբ աւելի քան 20 երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։
Խորհրդաժողովին հանգամանօրէն քննարկուեցան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ հայոց պետականութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, այդ ուղղութեամբ համակարգուած, ցանցային աշխատանքներու իրականացման հարցերը։
Առանձնայատուկ կերպով շեշտուեցաւ ազգային ինքնութեան, ազգային արժէքներու, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մեր պետականութեան անվտանգային մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դիմագրաւման հետեւողական եւ միասնական ուժերով բոլոր ճակատներու վրայ աշխատանքները շարունակելու կարեւորութիւնը։
ՀՅԴ Բիւրո
21 Փետրուար 2026