Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Քոնկրէսին տեղեկացուցած է, որ մտադիր է յառաջ մղել Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վերաբացման ծրագրերը։

Դեսպանատունը փակուած էր 2012-ին։

Այս ամսուան սկիզբը Քոնկրէսի յանձնաժողովներուն ղրկուած ծանուցումին մէջ, որուն պատճէնը ձեռք բերած է «Ասոշիէյթըտ Փրէս»-ը, կը յիշուի, որ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը օրէնսդիրները տեղեկացուցած է «Սուրիոյ մէջ դեսպանատան փուլային բացման գործընթացը վերսկսելու» իր մտադրութիւնը։