Եւրոպական խորհրդարանէն ներս Լուքսեմպուրկը ներկայացնող պատգամաւոր Ֆեռնանտ Քարթհայզըր կրկին դիմած է Եւրոպական Միութեան արտաքին դիւանագիտութեան ղեկավարութեան՝ կոչ ուղղելով աւելի յստակ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման համար՝ նախազգուշացնելով, որ հարցը կրնայ վնասել Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղ գործընթացին մէջ արձանագրուող փխրուն յառաջընթացին։
«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին փոխանցմամբ՝ Քարթհայզըր Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասին յղած նամակին մէջ ընդգծած է, որ Պաքուի մէջ ընթացող դատական գործընթացները քաղաքական դրդապատճառներ ունին եւ չեն բաւարարեր օրինականութեան ու թափանցիկութեան չափանիշները։ Եւրոխորհրդարանականը միութեան կոչ ուղղած է միջամտել՝ նպաստելու պահուող բոլոր հայերու անվերապահ ազատ արձակման՝ ընդգծելով նաև միջազգային իրաւունքի և մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։

Քարթհայզըրի նամակին ի պատասխան՝ Քայա Քալլասի գրասենեակէն յայտնած են, որ Եւրոպական Միութիւնը կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու դատավարութիւններուն։