Համաքրիստոնէական Տեառնընդառաջը հայոց եկեղեցական տօներուն մէջ  մեր ժողովուրդի սրտին մօտիկ տօներէն մէկը եղած  է։ Տեառնընդառաջը, քրիստոնէութեան կանուխ դարերէն ոգեկոչուած է մեր ժողովուրդին կողմէ, հայկական բնաշխարհին  մէջ, տօնախմբական այլաբնոյթ ծէսերով, որոնք կը սկսին տօնի նախօրէի երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին։ Հայ մշակոյթի գանձարանը հարուստ է  Տեառնընդառաջի նուիրուած ժողովրդային բանահիւսութեամբ, սովորութիւններով եւ աւանդապատումներով։
Ազգային եւ մշակութային պարունակ ունեցող այս տօնին առիթով թուղթին կը յանձնեմ Փոքր Հայքի Սեբաստիոյ նահանգի կիւրիւն աւանի ժողովրդային բանահիւսութենէն մեզի հասած եւ տակաւին քառասնամեակ մը առաջ համաքաղաքացիներուս ծանօթ, անոնց կողմէ Տեառնընդառաջի խարոյկին շուրջ  երգուող ժողովրդային բանահիւսութեան խաղերէն մին՝ «Տէրնտեսի խաղ»-ը պայմանական վերագրումով ։ Խաղի բառերը տուած եմ նաեւ ստորեւ առանձին` բարբառային հնչիւնով։
Եղանակի ձայնանիշերով գրառումը սիրայoժար կատարեց արուեստագէտ Սարգիս  Ադամեան։
 «Տէրնտեսի խաղ»
Տէրնտեսը եկեր է,
Կարմիր բոցը վառեր է։
Սիրուն աղջիկ դուրս ելիր
Քեզի փեսայ բերեր է։
3-րդ եւ 4-րդ տողերը՝ կրկներգ։
Բարբառային հնչիւնով
«Տէրինտէսի խաղ»
Տէրինտէա՛սը  էկիր  էա՛ ,
Կէա՛յմիր բոցը վառիր էա՛,
Սիրուն աղջիկ տուրս ելիր
Քեզի փեսայ պէրիր էա՜։
Գրիգոր Տունկեան