Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս՝  Կ.Պոլիսը «Constantinople» հիմնուած է 325 -330 թուականներուն «Կոստանդին Ա.»-ի կողմէ, որպէս մայրաքաղաք Արեւելեան Հռոմէական Կայսրութեան՝ Բիւզանդիոնի: Կ.Պոլիս քաղաքակրթութեան կարեւոր ոստան մը եղաւ հայոց համար: Յիշատակուած է, որ Ս. Սահակ կաթողիկոս եւ Ս. Մեսրոպ իրենց աշակերտներով այցելեցին Կ.  Պոլիս, որոնելու ու ճարելու Հայոց լեզուին ձայնային յարմարագոյն նշանագրերը, եւ այբուբենը յաջողութեամբ կազմելով ու իրենց առաքելութիւնը աւարտելով վերադարձան հայրենիք: Կաթողիկոսը եւ իր գործընկերները Կ.Պոլսոյ մէջ իջեւանեցան «Ago Midian» վանք, որ այս առաքելութենէն ետք դարձաւ հայ մտքի լուսաւորութեան կեդրոն մը, ուր հայ դպիրները կ’ուսումնասիրէին Աստուածաբանութիւն ու իմաստասիրութիւն: Բիւզան-դիոնի եւ Պարսիկ, Սասանեաններու անվերջ բախումները անկա-յունութիւն մը ստեղծեցին հայկական աշխարհին մէջ, ինչ որ 5-րդ դարուն պատճառ դարձաւ մասնաւորաբար իշխաններու եւ ազնուական-ներու հսկայ գաղթի մը դէպի Կ.Պոլիս: Այս գաղթը պատեհ առիթ եղաւ բիւզանդացի կայսեր համար՝ բանակէն ու իշխանութենէն հեռացնելու հրեայ եւ «gothic» օտար տարրերը, զիրենք փոխարինելով հայ ռազմիկներով: Գաղթը շարունակուեցաւ 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն, այնտեղ կազմելով մեծ ու պատկառելի գաղութ մը, որ 572-ին արդէն կայուն եւ ծաղկուն դարձաւ՝ իր ինքնուրոյն կառոյցով ու հայկական եկեղեցիով:
Սակայն այս ծաղկուն գաղութի կեանքը իր մայրամուտը ապրեցաւ 11-րդ դարուն, երբ 1081 – 1118-ին, Alxios I կայսրը հրամայեց քանդել հայկական եկեղեցին ու այրել գոյքերը քաղաքի հրապարակին մէջ, ընդդէմ հայերու կայսերական սահմաններէն ներս թուրք արշաւախումբերու յարձակումներու օժանդակութեան, որմէ ետք այլեւս հայկական համայնքը նօսրացաւ: (Յիշատակութիւն՝ Mikhail Assyrian պատմաբանի):
1453-ին սուլթան Մեհմետ նուաճեց Կ.Պոլիսը եւ քաղաքին մէջ, որ պաշարման ու երկարատեւ կռիւներու հետեւանքով ամբողջովին աւերակ ու ամայի դարձած ու քանդուած էր, 30 – 50 հազար մարդ մնաց։ Սուլթանը ուզեց վերականգնել քաղաքը եւ հռչակել զայն Օսմանական կայսրութեան մայրաքաղաք, ուստի ձեռնարկեց վերաշինութեան ու զարգացման մեծ աշխատանքի մը՝ հիմնելով շուկաներ, վերականգնեց քաղաքի պարիսպը, նշանակեց քաղաքի պաշտօնատար եւ քաղաքի բնակչութիւնը աւելցնելու միտումով Անատոլուի շրջաններէն բռնի կամ կամաւոր փոխադրեց ընտանիքներ՝ քաղաքը բարեզարդելու համար: Այս առաջին եկուորները կը կազմէին 14.803 բնակիչ, որոնցմէ 817-ը հայեր էին: Սակայն հայկական հոսքը դէպի Պոլիս տեղի ունեցաւ զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ: Սուլթան Մեհմետի կողմէ Պոլիս բերուած հայերու առաջին մեծ շարասիւնը կազմեցին Պուրսայի հայերը, որոնք Պոլիս եկան Պուրսացի Յովակիմ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ՝ 1461-ին:
1461  թուականին հիմնադրուեցաւ Պոլսոյ Հայկական Պատրիարքու-թիւնը։ Պոլիս եկած առաջին հայերու շարքին կային հոգեւորականներ, նկարիչներ, ճարտարապետներ, արհեստաւորներ, վաճառականներ, վարպետներ եւ աշխատաւորներ։ Անոնք գլխաւորաբար բնակութիւն հաստատեցին՝ Սամաթիա, Քումքափը, Նարլիքափը, Պէյօղլու, Կետիկփաշա եւ Կալաթա։ Հայերու երկրորդ մեծածաւալ գաղթը նոյնպէս պատահած է սուլթան Մեհմետի օրերուն, 1475-ին՝ Խրիմի նուաճումէն ետք։
Քաֆքայէն բերուած ժենովացիներ եւ հայեր հիմնականօրէն
կը զբաղէին առեւտուրով: Անոնք բնակութիւն հաստատեցին մասնաւորաբար նախկիններուն կողքին՝ Կալաթա եւ Քարակումրուկ։ Հետեւաբար Կալաթայի հայ բնակչութիւնը աճեցաւ, եւ հայերը ունեցան իրենց յատուկ թաղամասը, անջատ խառն թաղամասերէն։
Կալաթայի հայերը, որոնք կը կազմէին ամենահարուստ եւ քաղաքակրթուած խումբը, կ’օգտագործէին հայկական անուններ եւ թաթարական ծագում ունեցող կամ թրքական անուններ, ինչպէս՝ Օրհան, Խաթուն: Քարակումրուկ թաղամասը սկսաւ կոչուիլ «Քաֆֆալի» այսինքն՝ Քաֆքա.  ան մինչեւ օրս կը կրէ նոյն անունը։ Տարածքին գտնուող երկու լքուած յունական եկեղեցիները յանձնուեցան Քաֆքայէն եկած Տոմինիկեան քահանաներու կառավարման։ Այս եկեղեցիներէն առաջինը վերակոչուեցաւ Սուրբ Մարիա, իսկ երկրորդը՝ Սուրբ Նիքոլա։ Եկեղեցական բոլոր գրութիւնները պահուեր են լատիներէն եւ հայերէն լեզուներով։ Այդ արձանագրութիւնները այսօր պահուեր են Կալաթայի Սուրբ Պօղոս Տոմինիկեան եկեղեցւոյ արխիւներուն մէջ: Հետագային Սուրբ Նիքոլայի փոխարէն հայ համայնքին յատկացուեցաւ Պալատի մէջ գտնուող լքուած յունական եկեղեցին: Այս եկեղեցին ներկայիս կ’օգտագործուի հայ համայնքին կողմէ, Սուրբ Հրեշտակապետ անուանմբ: Քաղաքի ամենաշատ հայ բնակչութիւն ունեցող թաղամասը դարձաւ Սամաթիան։
1470-էն սկսեալ Քարամանի նուաճումէն ետք, Անատոլուէն (Քոնիայի, Քարամանի, Աքսարայի եւ Էրեղլիի շրջաններէն) բերուած հայերը մինչեւ 1478 շարունակաբար  բնակութիւն հաստատեցին նաեւ Սամաթիոյ մէջ: Բացի ատկէ, Սամաթիոյ «Peribletoptos»-ի վանքը, որ քաղաքի ամենահիասքանչ եւ սրբազան պաշտամունքի վայրերէն մէկն էր, յատկացուեցաւ հայերուն։ Այս սրբավայրը մինչեւ 1641 դարձաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։ Այս սրբավայրը մինչ օրս կ’օգտագործուի հայ համայնքին կողմէ, Ս.  Գէորգ անունով։
Հայերու հարկադրուած տեղափոխութիւնը դէպի Պոլիս շարունակուեցաւ նաեւ Սուլթան Մեհմետէն ետք իշխանութեան եկած սուլթաններու կողմէ։ Սուլթան Եաւուզ Սելիմ 1514-ին Իրան արշաւանքի ընթացքին Թաւրիզի, Էրզրումի, Քեմահի, Մուշի, Սվազի եւ Երզնկայի շրջակայքը բնակող բազմաթիւ հայ ընտանիքներ բռնի տեղափոխեց Պոլիս։ Բացի ատկէ, նոյն ժամանակահատուածին Անգարա, Սվազ, Թոքաթ, Ղայպուրդ եւ Ատանայի շրջակայքին բնակող բազմաթիւ հայ ընտանիքներ նոյնպէս ստիպուած եղան տեղափոխուիլ Պոլիս եւ բնակիլ տարբեր թաղամասեր։ Սուլթան Եաւուզ Սելիմ Իրանի արշաւանքներու ընթացքին Թաւրիզէն Պոլիս բերեր է 200 հայ արհեստաւորներու ընտանիքներ, իսկ Գահիրէէն՝ 500 հայ արհեստաւորներու ընտանիքներ, զորս օգտագործեր էր տարբեր ծառայութիւններու մէջ։ Սուլթան Սուլէյման եւս հայեր բերած է Պոլիս՝ դէպի արեւելք կազմակերպած արշաւանքներու ընթացքին: Սուլթան Սուլէյմանի գահակալութեան տարիներուն բերուած հայ ընտանիքներու ամենանշանաւորները Եղինէն բերուած ոսկերիչներն էին։ Այս հայ ազնուականները, որոնք իրենց ծագումը կը կապէին Վասպուրականի հայկական թագաւորութեան, եւ ինքզինքնին
կը համարէին այդ թագաւորութեան մնացորդները, բնակութիւն հաստատեցին Հասքէոյ։ Անոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ստանձնեցին Պոլսոյ հայ համայնքի կառավարումը եւ բարձրացան համայնքի քաղաքացիական առաջնորդներու պաշտօնին,  համայնքի կառավարումը պահեցին իրենց ձեռքը մինչեւ 14-րդ դարու կէսերը, քանի որ սերտ կապեր հաստատեցին Օսմանեան պալատին հետ։
Սուլթան Մուրատ Գ. -ի օրով Թաւրիզէն, Վրաստանէն եւ Նախիջեւանէն Պոլիս բերուեցան նաեւ հայկական ծագում ունեցող բազմաթիւ նկարիչներ, գործարարներ, աշխատողներ, վարպետներ եւ ճարտարապետներ, որոնք գործադրեցին պալատին պահանջքները: Պոլսոյ հայ բնակչութեան սրընթաց աճը տեղի ունեցաւ 17-րդ դարու սկիզբը իրականացած՝ Ճալալեան ապստամբութիւններուն հետեւանքով: 1596 -1610 թուականներուն տեղի ունեցած ապստամբական շարժումները սկիզբ դրին գաղթի շարժումի մը, որ անուանուեցաւ «Մեծ փախուստ» Անատոլէն: Մարդիկ կու գային ոչ միայն Անատոլէն, այլեւ կայսրութեան տարբեր անկիւններէ, ինչպէս՝ «Trace, Crime, Syria», իսկ փախստականներուն մէջ կային նաեւ հայ ընտանիքներ:
Յատկապէս Քաքուսի հայերը մեծ շարասիւներով փախչեցան դէպի Պոլիս: Օսմանեան վարչակազմը սկիզբը չուզեց ընդունիլ եկուորները, բայց ստիպուած տեղի տալով ընդունեց զիրենք՝ 1612-ին ապստամբական շարժումներու բռնկումէն ետք: Համաձայն Սիմէոն Լեհացիի ճանապարհորդական գիրքի բովանդակութեան, հայ բնակչութիւնը
կը հաշուէր 40.000 տուն: Նորեկները սովորաբար բնակութիւն կը հաստատէին քաղաքի դարպասներու շրջակայ թաղամասերը: Օրինակ՝ Թոփքափու, հոն կ’ապրէին հայ գնչուներ՝ Փոշա անունով: Այս փոշաներու մեծ մասը, որ սովորաբար կ’ապրէր, որպէս մաղի վարպետ, իսլամութիւն ընդունեց Ահմետ Գ. -ի գահակալութեան ընթացքին, իսկ մնացեալը ձուլուեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ: Մէկ այլ թաղամաս մը, ուր հայեր բնակչութեան խտութիւն ունէին Ենիգափըն էր: Այս թաղամասին մէջ, հայերը ամէնէն ազատն էին, քանի որ այս տարածքը նախկինին ծոցն էր, ուստի ծոցը քարակոյտեր լեցուելով յառաջացած էր տարածք մը.  ձեռք բերուած այս նոր տարածքը վաճառուեցաւ ոչ-իսլամներուն։ Սովորաբար այստեղ կ’ապրէին հայեր եւ փոքրաթիւ յոյներ միասնաբար։ Քաղաքի պարիսպներէն դուրս, հայերը սովորաբար կը բնակէին Հասքէոյ, Քասըմփաշա, Պէյօղլու եւ Կալաթա թաղամասերը: Բացի ատկէ, այն թաղամասը, ուր կ’ապրէին սովորաբար կը յատկանշուէր իրենց մասնագիտական աշխատանքներով: Օրինակ՝ Հասքէոյի հայերը սովորաբար ոսկերիչներ էին, Պէյօղլուի հայերը՝ ջրաղացներ կամ հացթուխներ, Կալաթայի հայերը՝ առեւտրականներ, իսկ Քասըմփաշայի հայերը՝ հիմնականօրէն նաւահանգիստի աշխատողներ կամ նաւաստիներ: Աւելին, յատկապէս հարուստ հայերը սկսեր էին ապրիլ Վոսփորի ափի գիւղերը՝ որպէս ամառանոցներ եւ զուարճանքի վայրեր՝ XVIII դարէն սկսեալ: Վոսփորի միւս կողմը Պէյքոզ եւ Սկիւտար թաղամասերուն մէջ, հայերու խիտ բնակչութիւն մը գոյացած էր։ Յատկապէս Սկիւտարը կարեւոր կեդրոն էր.  տեղւոյն բնակիչները կþապրէին համայնքային կեանք մը՝ խոր արմատներ ունեցող հաստատութիւններով, ինչպիսիք են՝ եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ հոգեւորական դպրոցները, որոնք կը շարունակէին իրենց գոյութիւնը 16-րդ դարէն ի վեր։ 1870-ի Պէյօղլուի մեծ հրդեհէն ետք, Պէյօղլուի եւ Կալաթայի շրջակայքը ապրող հայերը սկսան տարածուիլ: Հիմնական նախընտրութիւնը եղաւ Փանկալթը եւ Քուրթուլուշ շրջանները, եւ այս այն թաղամասերէն մէկն է, որտեղ այսօր համայնքը հիմնական կեդրոնացած է։ Այսօր  Պոլսահայ համայնքի թիւը50000 – 60000։ Այս բնակչութեան մեծ մասը կ’ապրի Շիշլիի, Պաքըրքէոյի, Քաթըրքէոյի եւ Ատալարի շրջանները։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան