Երկար տարիներ կրթական ասպարէզին մէջ իմ համեստ ներդրումը ունենալէ ետք, հիմա արդէն, յառաջացեալ տարիքիս, հեռացեր եմ Հալէպէն, հեռացեր եմ այդ սիրելի ասպարէզի մթնոլորտէն ու քաշուած իմ մենաւորի անկիւնս, կ’ապրիմ յիշողութեանս մէջ ամբարուած հարստութեամբ, յատկապէս դպրոցական օրերու անկրկնելի քաղցրութեամբ պարուրուած: Հեռու եմ, սակայն միայն ֆիզիքական առումով, իսկ հոգեկանով ու մտքով, դեռ ծերունական օրերս կը ջերմացնեմ անոնցմով:
Հալէպի հայկական վարժարանները, յատկապէս յետեղեռնեան տասնամեակներուն, իրենց ծնունդի ու գոյատեւման ոդիսականով  պատիւ կը բերեն հայ ժողովուրդին,  ի մասնաւորի, երբ նկատի կ’առնենք, որ անոնց ծնունդը արդիւնքն էր անասելի դժուար պայմաններու, իսկ անոնց գոյատեւումը պարզապէս հերոսական սխրանք:
Այսօր, երբ Սուրիոյ 14 տարիներու պատերազմական դժնդակ կացութեանց զոհ երթալով  փոքրացած, սեղմուած, նօսրացած աշակերտութեամբ ու պահպանման սուղ միջոցներով դեռ կը գոյատեւեն անոնք, բառ չեմ գտներ պատնէշի վրայ տակաւին յամեցող նուիրեալներու զոհողութիւնները գնահատելու, երբ, երբեմնի մեր ծաղկուն դպրոցներուն աշակերտութեանց հազիւ 20-25 առ հարիւրը մնացած է:
Ներկայի հայկական դպրոցներուն համար ընտիր ուսուցչական կազմ ունենալը դարձած է դժուար, տնօրէններու պարագան աւելի դժուար. նօսրացած գաղութը դժուարութիւն ունի հայթայթելու պահանջուածը: Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. վարժարանը տնօրէն չունի երկրորդ տարին ըլլալով. դպրոցը կը շարունակէ իր դռները բաց պահել տնօրէնի գործակատար մը նշանակելով այդ պաշտօնին համար: Ատակները հեռացած են գաղութէն, ո՞վ քանի մը տասնեակ տոլարով պիտի ստանձնէ այսպիսի պատասխանատու ծանր պաշտօն մը:
Ներկայի վիճակը նկարագրելով բնաւ նպատակ չունիմ ընթերցողներուն տրամադրութիւնը քանդելու, սակայն անոնց մասին ընդհանրապէս չխօսիլն ալ հնարաւոր չէ, քանի որ տասնամեակներ ամբողջ անոնց յարկերէն հազարաւոր պատանիներ ու պարմանուհիներ շրջանաւարտ ըլլալով շարունակեցին իրենց ուսումնառութիւնն ու մասնագիտանալով զանազան ասպարէզներու մէջ նետուեցան կեանքի գուպարին մէջ: Ոմանք բարձր տեղեր հասան, երբեմն շատ բարձր, ոմանք զանազան գործերու ու պաշտօններու մէջ նաւարկեցին, ընտանիք կազմեցին ու յաճախ զանազան ներդրումներ ունեցան ազգային-հասարակական  հաստատութիւններու մէջ, բայց որ ամենա-հետաքրքրականն է, որոշ ընտրանի մը լծուեցաւ հայկական վարժարաններու մէջ ծառայելու ազգանուէր առաքելութեան, կա՛մ որպէս ուսուցչական կազմի անդամ, կա՛մ հոգաբարձութեան անդամ, երբեմն ալ  անձին իւրայատուկ առաւելութիւնները նկատի առնելով՝ ուղղակի տնօրէն: Ահա՛ այս կէտին վրայ պիտի դնեմ մատս եւ փորձեմ կարելի եղածին չափ նիւթը ներկայացնել:
Ես կը հաւատամ որ վերոյիշեալ անձերու կրթական գործին նուիրուելու մղումը, ո՛չ անգործութեան արդիւնք է, ո՛չ ալ պատահականութեան. Արդէն համալսարանաւարտ երիտասարդ մը մեծ հաճոյքով պիտի փափաքի պաշտօնավարել այն դպրոցին մէջ, ուր յիշատակներով լեցուն իր կեանքի 15 կամ 16 տարիները անցուցած է ու կը փափաքի, ցուցադրելով իր հմտութիւնները, ձեւով մը վարձահատոյց ըլլալ այն օճախին, որմէ սնեցաւ ու հիմա պատրաստ է ինք սնունդ հայթայթել իրմէ ետք եկող նոր սերունդին:
Ես անձնապէս անցած եմ այս հանգրուաններէն ու զգացածս է որ կ’ուզեմ թուղթին յանձնել:
Կրթական ասպարէզին ծառայող նախկին աշակերտներուն թիւը շատ մեծ է եւ անհնար է հին ու նոր բոլոր նուիրեալներուն անունները յիշել, սակայն տնօրէնի պաշտօնին հրաւիրուածներ կրնամ յիշել, յատկապէս Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. Վարժարանի մէջ։
 Քարէն Եփփէ Ազգ.  ճեմարան-1967-էն սկսեալ՝ զանազան տարիներու պաշտօնավարած են՝ Քրիստափոր Իֆատեան, Անդրանիկ Խաչատուրեան, Վարդգէս Նալպանտեան, Վահէ Ղազարեան, Յակոբ Քիլէճեան, իսկ ներկայիս՝ Զեփիւռ Է.  Րէիսեան:
ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդր. վարժարան- Ալեքսան Աթթարեան, Յակոբ Միքայէլեան, Աւետիս Պագգալեան, Մանուէլ Քէշիշեան (հազիւ պաշտօնը ստանձնած, ամիս մը ետք մահացաւ), Մարիա Վարժապետեան: (Ներկայիս վարժարանը տնօրէն չունի եւ հայերէնաւանդ  Երան Զէյթունցեան
կը պաշտօնավարէ որպէս տնօրէնի գործակատար):
Յիշեմ նաեւ որ Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան Երկրդ. վարժարանի երկար տարիներու տնօրէն Անդրանիկ Պօղոս հանգստեան կոչուեցաւ եւ իր պաշտօնը ստանձնեց Լազար Նաճարեան-ԳԿ-էն շրջանաւարտ ատամնաբոյժ Ճորճ Դաւիթեան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրդ.  վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած է Ազգ.  Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ Լուսին Ա.  Չիլ Աբօշեան, իսկ նոյն վարժարանի շրջանաւարտ նորոգ հանգուցեալ  Ալին Բանոյեան վարած էր Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը:
Հալէպի մէջ ցարդ կը գործեն հինգ երկրորդական վարժարաններ՝ Ազգ.  Ք.Եփփէ, Լ.Ն.-Գ.Կ., Կիլիկեան,  Կրթասիրաց, Բեթէլ  եւ ոչ ամբողջական՝ Մխիթարեան: Շատ հաւանաբար նախակրթարաններն ու միջնակարգ վարժարաններն ալ ունեցած են երկրորդական վարժարաններուն նման տնօրէններ նոյն հաստատութեան շրջանաւարտ, սակայն այդ մասին ուրիշ առիթով:
Հայկական վարժարաններու նուիրեալներուն սրտագին ողջոյն, ուր ալ գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ կեանքէ հեռացածներուն յիշատակը թող ըլլայ օրհնութեամբ:
Երեւան
Յակոբ Միքայէլեան