ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ
Միայն անցեալը չեն պատմեր
մեզի:
Անոնք կը պահեն
ապագան՝
ծալուած յիշողութեան
բարակ թուղթին մէջ:
Ծնողքիդ հարսանեկան նկարին մէջ,
սեւ ու ճերմակ,
դուն արդէն գոյութիւն ունէիր՝
որպէս խոստում:
Այդ օր
խցիկը
ոչ թէ զոյգ մը նկարեց,
այլ
քու կեանքիդ նախնական պատկերը՝
ապագադ,
դեռ անգոյն:
Ահա թէ ինչո՛ւ
լուսանկարները
միշտ ալ
աւելի բան գիտեն
քան մենք:
T- SHIRT
T-shirt-իս վրայ
գրուած է՝ «Be Yourself»
սպիտակ տառերով:
T-shirt-ս ուրկէ՞ գիտէ,
որ ես բանաստեղծ եմ։
Մինչ ես
տող առ տող
կը քակեմ ինքզինքս։
«Be Yourself» –
կը կրկնէ ան համրաբար։
Իսկ ես կը խորհիմ՝
ո՞վ է «բանաստեղծ»-ը։
Ան,
որ կը կրէ՞
թէ՞ ան,
որ կը գրէ։
ԿՈՃԱԿ
Մօրս հին կարի տուփին մէջ-
թելերու խաչմերուկին,
մաշած ասեղներու լռութեան տակ,
կոճակ մը գտայ։
Փոքրիկ,
տժգոյն,
իր կլորութեան մէջ
ամփոփած ժամանակի փոշին։
Հօրս շապիկէն ինկած պէտք է ըլլար՝
աննկատ պոկուած
օրերու շտապ հեւքին մէջ –
երբ ծայրը ծայրին
բերել կը փորձէր:
Հիմա
ես կը պահեմ զայն՝
այն համոզումով,
որ երբեմն ամբողջ կեանքը
մէկ կոճակի պակասով
կը մնայ բաց:
ԵՒԱ 2
Խնձոր մը կար-
եւ
հետաքրքրութիւն:
ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ
Ամէնէն ծանր մենութիւնը
այն չէ,
երբ մարդը մինակ կը մնայ
աշխարհի դիմաց:
Ամէնէն ծանր մենութիւնը
այն է՝
որ այլեւս
ոչ ոք,
նոյնիսկ ինքը-
տեղ ունի իր մէջ։
NIVEA
Nivea-ի տուփը
մեր տան մէջ
միշտ կար։
Կապոյտ –
կլոր,
սպիտակ խոստումով։
Բայց ինչո՞ւ
մօրս ձեռքերը
շարունակ
ճաքած էին։