Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դատապարտուեցաւ 20 տարուան ազատազրկման: Զինուորական պաշտօն բնաւ չունեցած Ռուբէն Վարդանեանին Պաքուի դատարանը մեղադրանք ուղղեց շարք մը «յանցանքներ»-ու, այդ կարգին՝ «Ատրպէյճանի դէմ պատերազմի, մարդիկ տեղահանելու» մէջ։

Վարդանեան փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ՝ տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ՝ խեղկատակութիւն:

Շուրջ մէկ տարի տեւած դատավարութեան ընթացքին որեւէ անկախ փաստաբան, իրաւապաշտպան ու լրատուամիջոց չմասնակցեցաւ:
Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը յայտարարութիւն տարածեց՝ անդրադառնալով անոր նկատմամբ իրականացուած դատավարութեան եւ դատավճիռին։
Յայտարարութեան մէջ ընտանիքը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի ռազմական դատարանի որոշումը «սարսափելի է, թէեւ ոչ անսպասելի»՝ ընդգծելով, որ Վարդանեանի ձերբակալութեան առաջին իսկ օրերէն գործընթացի արդիւնքը կանխորոշուած էր արդէն։ Ընտանիքին համաձայն, անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքներէն որեւէ մէկը հիմնաւորեալ ապացոյց չունի։
«Ռուբէն զրկուած մնացած է արդար դատաքննութեան հիմնարար երաշխիքներէն, այդ կարգին՝ իրաւական պաշտպանութեան, միջազգային փաստաբանի հետ կապուելու կարելիութենէն, ինչպէս նաեւ դատավարութեան անկախ լրատուամիջոցներու մասնակցութենէն: Լսումները ընթացած են փակ դռներու ետեւ, այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք անհամատեղելի են միջազգային իրաւունքով եւ, նոյնիսկ ատրպէյճանական օրէնքներով, արդար դատաքննութեան չափանիշներու հետ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Ընտանիքը կ՚ընդգծէ․ «Ասիկա սոսկ Ռուբէն Վարդանեանի եւ միւս հայ բանտարկեալներու դատավարութիւն չէ. այլ նման է հայ ժողովուրդի դէմ դատավճիռի՝ որպէս ամբողջութիւն», աւելցնելով, որ պիտի շարունակէ Ռուբէնի եւ մնացեալ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման ջանքերը։
Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը կոչ կ՚ուղղէ միջազգային առաջնորդներուն, միջազգային իրաւունքին համահունչ, համապատասխան բոլոր քայլերուն դիմելու՝ անոնց ազատութիւնը ապահովելու եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։