Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյւիտ Ալէն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը։
Քննարկուած են հայ-ամերիկեան ռազմական գործակցութեան ամրապնդման ուղղութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսի՝ Հայաստան այցելութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան Միացեալ Նահանգներէն 11 միլիոն տոլարի հետախուզական անօդաչու թռչող սարքեր գնած է։