Հայաստանը ներկայացնող գեղասահորդներ Կարինա Ակոբովա-Նիկիթա Ռախմանին զոյգը երէկ Միլանի մէջ կարճ ծրագրով ելոյթ ունեցան Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութեան հնչիւններու ներքեւ, սակայն ստեղծագործութեան անունը չգրուեցաւ, այլ ներկայացուեցաւ որպէս «Արա Գէորգեանի երաժշտութիւն»:

Պաքուի բողոքէն ետք, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն որոշած էր պահպանել ստեղծագործութիւնը, բայց հանել անունը:

Ատրպէյճանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն պնդած էր, որ «երաժշտութիւնը քաղաքականապէս լարուած եւ անջատողական տրամադրութիւն կը ստեղծէ»։