Վաղը Ատրպէյճանի դատարանը կը հրապարակէ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավճիռը։ Լուրը կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը յղում ընելով ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։

10 Փետրուարին տեղի ունեցած դատական նիստին յայտարարուած էր դատաքննութեան աւարտը, որմէ ետք դատարանը հեռացած էր խորհրդակցական սենեակ։
Ատրպէյճանի դատախազութիւնը կը պահանջէ Արցախի նախին պետական նախարարը դատապարտել ցմահ բանտարկութեան։
Դատավարութեան ողջ ընթացքը եղած է անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային իրաւապաշտպաններու բացակայութեան պայմաններու մէջ։