Լիբանանի փոխվարչապետ Թարէք Մթրի «Անատոլ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութ եւ Դամասկոս աշխատանք կը տանին կառուցելու վստահութեան, ընդհանուր շահերու եւ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած նոր յարաբերութիւններ, աւելցնելով որ անոնց միջեւ գործակցութիւնը չէ սահմանափակուած բանտարկեալներու հարցով, այլեւ կ՚ընդգրկէ տարբեր ոլորտներ։

Փոխվարչապետը դիտել տուաւ, որ երկու երկիրներու սահմանազատումը առայժմ յետաձգուած է։

Աւելցնենք, որ Մթրի պաշտօնական այցելութեամբ Դամասկոս ժամանած էր 20 Նոյեմբեր 2025-ին, որուն ընթացքին հանդիպում ունեցած՝ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ գործակցութեան ամրապնդման օրակարգերով։