Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյ պատանի դպիրները։
Ուրախանալի էր մեծաթիւ ներկայութիւնը Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտներուն՝ տնօրէններուն եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Ան անդրադառնալով Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն եւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներուն քաջարի կեցուածքին եւ հաւատքի հաստատականութեան, դիտել տուաւ, որ անոնք մերժեցին մազդեզական կրօնը եւ կրակապաշտութիւնը, քաջ գիտակցելով, որ աշխարհի հրապոյրները, որքան ալ քաշողական ըլլան՝ ժամանակաւոր են, այլ անոնց հոգեւոր եւ իմացական հայեացքը կառչած մնաց յաւիտենականին, որովհետեւ հայը որպէս քրիստոնեայ՝ յարութեան, լոյսի, յոյսի, կեանքի եւ յաւիտենականութեան զաւակ է։
Սրբազան Հայրը մէջբերելով օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Եբր 12.1-7), հրաւիրեց ներկաները օրինակ քաղելու վկաներէն, հերոսներէն, նահատակներէն, մէկ կողմ ձգելու խոչընդոտները, զորս տկարութիւն կը պատճառեն եւ իրենց աչքերը յառելու մեր հաւատքի հիմնադիրին եւ կատարելագործողին՝ Յիսուսի, որ համբերութեամբ կրեց մեղաւորներուն հակառակութիւնները եւ մարդկութիւնը փրկելու համար յանձն առաւ խաչի մահը։
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, պատուիրեց, որ որպէս ժառանգորդ Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, անոնց օրինակը իրենց առջեւ ունենալով՝ հաւատարիմ մնան իրենց փոխանցուած կտակին եւ անաղարտ պահեն զայն։ Ան յայտնեց, որ դպրոցական դժուարութիւնները եւ յետագային նաեւ կեանքի դժուարութիւնները հաւատքի զօրութեամբ եւ կուրծք պարզելով կրնան յաղթահարել։
Սրբազան Հայրը Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթեց, որ խաղաղութիւն հաստատուի ողջ աշխարհի մէջ, սէր, միութիւն եւ համերաշխութիւն տիրէ Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ։ Այս առիթով, ան շնորհաւորեց Վարդան, Ղեւոնդ, Համայակ, Սահակ եւ վարդանանց սերունդի անունները կրող հայորդիները։
Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Որմէ ետք, եկեղեցւոյ դպիրները Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներ եւ երգեր երգեց։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։ Յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի միջնակարգի աշակերտները, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիին գլխաւորութեամբ։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։ Յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Սրբոց Վարդանանց ոգեւորիչ երգերով ներկաները հոգեպէս ներշնչուեցան։