Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, թեմի հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին քահանայ հայրերը։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի աշակերտները։
Քարոզին բնաբանն էր Պետրոս առաքեալի ընդհանրական Ա. նամակէն քաղուած օրուան ճաշու ընթերցուածը (Ա.Պտ 1.3-9), ուր առաքեալը փառք կու տայ երկնաւոր Տիրոջ, որ իր Որդիին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով եւ իր յարութեամբ մեզի վերստին կեանքի յաւիտենականութեան յոյսը պարգեւեց։
Քահանայ Հայրը անդրադառնալով Աւարայրի ճակատամարտի ընթացքին Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ հոգեւորականներուն բերած մասնակցութեան, դիտել տուաւ, որ անոնք իրենց հաւատքը եւ աղօթքը ի գործ դրին վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց, համաձայն Աստուածաշունչի հետեւեալ համարին. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու» (Ղկ 12.4-5)։
Ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին, քրիստոնէական հաւատքին վրայ հաստատ մնալով, Սրբոց Ղեւոնդեանց ոգիով կրցաւ դիմադրել բոլոր բարբարոսներուն եւ պահել իր ինքնուրոյնութիւնը։
Քահանայ Հայրը խնդրելով Աստուծոյ առաջնորդութիւնն ու երկնառաք շնորհքները, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը համարեց գեղեցիկ առիթը վերանորոգելու ծառայական ուխտը։
Քահանայ Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իրեն ընձեռած առիթին համար։ Ան շնորհաւորեց թեմի հոգեւորական դասը, մաղթելով բազմաբեղուն ծառայութիւն։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հայր սուրբերն ու քահանայ հայրերը ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին։