Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Չորեքշաբթի, 18 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահոց հսկումի առաջին արարողութիւնը կատարուեցաւ, գլխաւորութեամբ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի:
Մեծ Պահոց սաղմոսներ, աղօթքներ եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթաշարը արտասանուեցան։

Արարողութեան աւարտին, Քահանայ Հայրը հոգեւոր խորհդածութիւն կատարեց, բնաբան ունենալով Եսայի մարգարէութեան գիրքի հետեւեալ համարը. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Ես 1.1-18)։
Քահանայ Հայրը դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահեցողութեան ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է ապաշխարութեան, զղջումի եւ ինքնագիտակցութեան ճամբով մեր ընթացքը փոխելու եւ երախտապարտ ըլլալու Հօր Աստուծոյ, որ իր անսահման սիրով մեր մեղքերը կը ներէ։
Քահանայ Հայրը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու դժուարութեան մէջ եղողներուն համար։