Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2026-ին, «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան եւ «Կկու» մանկապատանեկան թերթի խմբագիր Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան ու ձեւաւորող-նկարազարդող Ռաֆֆի Քէշիշեան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան եւ Ազգ. Մանկապարտէզ այցելեցին։

Խմբագրական կազմը դիմաւորեց Ազգ․ Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան։

Այնուհետեւ գլխաւոր խմբագիրը ծանօթացուց «Գանձասար»-ը ու անոր մանկապատանեկան թերթիկը՝ «Կկուն», իսկ Փաթիլն ու Ռաֆֆին ներկայացուցին «Կկու»-ի տարեկան Բացառիկ գրքոյկի բովանդակութիւնը, որ կը պարունակէ գեղեցիկ ու գունաւոր նկարազարդումով հետաքրքրական պատմութիւններ, գիտելիքներ ու խաղեր։ Անոնք աշակերտները յորդորեցին ընթերցել թերթը, հետեւիլ անոր բովանդակութեան եւ իրենց գրութիւններով ու նամակներով աշխատակցիլ անոր՝ նոր շունչ ու գոյն հաղորդելու «Կկու»-ին։

Այցելութեան աւարտին, աշակերտներուն բաժնուեցաւ «Կկու» Բացառիկը, որպէսզի իւրաքանչիւրը ունենայ օրինակ մը եւ վայելէ անոր պատմութիւնները, ընթերցէ հայերէն ու քաջալերուի աշխատակցելու իր մայրենիով։

Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին «Գանձասար»-ի անձնակազմին։