Արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի, այսօր, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ յատուկ բանագնաց Թոմաս Պարաքի հետ։
Արատաքին գործոց նախարարութիւնը թելեկրամեան իր ալիքին վրայ յայտնեց, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ «ՏԱՀԵՇ»-ի դէմ հաւաքական պայքարի միջազգային դաշնութեան քաղաքական տնօրէններու նիստի շրջագիծէն ներս։
Սուրիոյ արտաքին գործոց ու հետախուզութեան նախարարները Ռիատ ժամանած էին Կիրակի օր, մասնակցնելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշնութեան ժողովին։
Աւելցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը 4 Փետրուարին իր գումարած նիստին ահազանգ հնչեցուցած էր ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու տարածման կարելիութեան հետեւանքով միջազգային ապահովութեան սպառնացող վտանգին շուրջ, ահաբեկչական այս կազմակերպութեան դէմ դնելու համար կարեւոր համարելով միջազգային համընդհանուր գործակցութիւնը՝ հիմնուած միջազգային օրէնքին եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքներուն վրայ։