Այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը:
ԱՄՆ փոխնախագահը Երեւան ժամանեց իր տիկնոջ եւ զաւակներուն հետ։
Վենս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանձնազրոյյցէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց․ «Ինչ որ այսօր, այստեղ կը կատարուի, պատմական նշանակութիւն ունի: Ես իրապէս հպարտ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու առաջին փոխնախագահն եմ, որ այս երկիր կ՚այցելէ։»։
Ան համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի վարչապետին, աւելցնելով, որ ինքն ու ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը նուիրուած են այս համագործակցութեան ամրապնդման աշխատանքին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Հայաստան ԱՄՆ-էն ձեռք բերած է V-BAT մակնիշի անօդաչու թռչող սարքեր՝ Հայաստան–ԱՄՆ զինուորական եւ պաշտպանական գործընկերութեան շրջագիծէն ներս։ «Նշանակալի յառաջընթաց արձանագրած ենք Հայաստան–ԱՄՆ զինուորական եւ պաշտպանական գործընկերութեան ասպարէզին մէջ։ Ի շարունակութիւն երկկողմ բազմամեայ ապահովական գործակցութեան եւ արդէն երեք տարի շարունակուող «Արծիւ գործընկեր» զօրավարժութիւններուն՝ Հայաստան ԱՄՆ-էն ձեռք բերած է V-BAT անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց արդիւնաւէտութիւնը ապացուցուած է կիրառման հարուստ փորձով եւ որոնք էականօրէն պիտի նպաստեն մեր պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման»,յայտարարեց վարչապետը։ Ապա յոյս յայտնեց, որ ԱՄՆ արտաքին ռազմական վաճառքի ծրագիրով իրականացած այս գործարքը հիմք կը դառնայ երկկողմ գործակցութեան ընդլայնումին։
ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի համար հաստատած են 11 մլն․ տոլարի հետախուզական անօդաչու թռչող սարքերու ճարտարագիտութեան վաճառք։
Աւելցնենք, որ նախքան ՎԵնսի Հայաստան, ապա Ատրպէյճան այցելութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը համացանցային արշաւի մը նախաձեռնած էր՝ ամերիկահայութեան կոչ ուղղելով, որ հետեւեալ առաջնահերթութիւնները ներկայացնէ Վենսի գրասենեակին․
– Պահանջել հանդիպում ունենալ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն հետ եւ հրապարակօրէն պահանջել անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։
– Հայաստանի մէջ հանդիպիլ վերջերս ազատ արձակուած հայ գերիներուն, անոնց իրաւական ներկայացուցիչներուն եւ Պաքուի մէջ պահուող գերիներու ընտանիքներուն հետ։
– Հայաստանի մէջ հանդիպիլ տեղահանուած արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ հրապարակօրէն աջակցիլ պատմական հայրենիքը վերադառնալու արցախահայութեան իրաւունքին։
– Կոչ ընել Ատրպէյճանին, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն իր զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերէ։
– Կոչ ընել Պաքուին՝ դադարեցնել Արցախի հազարամեակներու հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքացիական սեփականութեան պղծումը եւ ոչնչացումը։