Լուսէ ափսէներուն վրայ զետեղած չիրերը վեր ու վար կը շրջէր։ Էսկիւրանի մատուռին կից գտնուող փոքրիկ այս տարածքէն շատ յստակ կ՚երեւէին թրքական Օրտու գիւղի լոյսերը։ Մթութիւնը ամայութեան հետ ձեռք- ձեռքի բռնած, աննկատօրէն իրենց թեւերուն տակ կ՚առնէին հովիտները, իսկ լեռները տակաւին կը պայքարէին արեւու վերջին ճառագայթները ամուր պահելու իրենց կողերուն վրայ՝ գծելով մայրամուտի գեղանկար մը, որ նոյնիսկ հեռուներէն կը հմայէր դիտողը։

Ուրախ էր Լուսէ՝ իրեն համար լուսաւոր ու խաղաղ այս պատկերին համար, մանրուք թուող ամէն բան կ՚ըմբոշխնէր  մեծ հաճոյքով:

Մանկամարդ կինը առանձին էր գիւղական իրենց փոքրիկ տան, հողէ պատշգամին կեդրոնը։ Պատշգամը աննկատօրէն  կը միանար դաշտերուն եւ հանդիպակաց լեռներու ստորոտին, որ քիչ անդին  թշնամիի տարածքին մէկ մասը կը կազմէր։

Տասնութ  ամեայ  որդին  բանակ  գացած էր, իսկ դուստրը՝ իբրեւ հարսնացու գաղթած ԱՄՆ՝ իր նորակազմ բոյնը  այնտեղ հաստատելու համար։

Մինչ մտքերուն մէջ խորասուզուած գոհունակութեամբ կ՚աշխատէր, չնկատեց թէ գիշերը ինչպէս  խաղաղօրէն  եկաւ ու հանգչեցաւ իրենց տան շրջակայքը։

Ներսը, խոր  լռութեան մէջ, տան գրադարանի դարաններուն  վրայ  հանդարտօրէն  կը մտածէին Լուսէի սիրելի գիրքերը․ այն գիրքերը, որոնք օր մը անոր մատներուն հպումն ու բոյրը վայելած էին։ Հիմա, անոր կոշտացած մատները կը  հաճոյանային  հպելով  բազմապիսի միրգերու եւ  հատապտուղներու թաւիշին, միաժամանակ ապահովելով անոր տան ապրուստը, կարծեցեալ երջանկութիւնն ու ընտանեկան բարօրութիւնը։ Առաւօտեան եւ կէսօրին մինչեւ մայրամուտ, արեւու ճառագայթները պիտի հանգչէին իր սեղանիկներուն վրայ, հրճուէին միասնաբար, գոյն տային միրգերուն եւ Լուսէին, անոնց գոյներէն շիկնէին ու բարձրանային կրկին դէպի արեւ, որ յետոյ Լուսէի  տունն ալ լեցուէր լուսաւոր, ճառագայթող երազով։

Ատեն-ատեն միտքը գորովով կը սառէր հեռաւոր մտածումի  մը վրայ։ Ովկիանոսէն անդին դուստրը՝մանկահասակ Արփին, նոյն միջոցին իր  քունին մէջ պիտի զգա՞ր մայրական գոյութիւնն ու ներկայութիւնը, մօր ջերմացնող բազուկներուն զօրութիւնը։ Արփի հիմա իր գիրկը ունէր նորածին մանչուկ մը, որուն արմատները կու գային հեռաւոր Կիլիկիոյ  փոքրիկ  բարձունքներէն, որոնք տակաւին հայօրէն կը շնչէին եւ կը բաբախէին։ Արփիի համար անհասանելի իր պապենական տան  այգիի պտուղներուն համն ու բուրմունքը ոչ մէկ կապ ունէին այս նոր երկրի, հատ-հատ տուն բերուող  ծինափոխուած պտուղներուն հետ։

Արփի բացաւ աչքերը եւ իրականութեան հետ մնաց դէմ յանդիման։ Կարծես երազ էր ամէն բան․․․

Սպառած էր, ոչ մէկ բանի կարիք ունէր՝բացի լռութենէ, անրջելէ, անցեալը ապրեցնելու փորձեր կատարելէ։ Ութ ամսական մանչուկը՝ Արէնը Արփիի  ուժերը սպառած էր, իսկ հայրական տան կարօտը կը հիւծէր, կը ցաւցնէր հոգին։

Մանուկներուն ձայնը հանգչած էր հիմա, հեռաւոր իր ծննդավայրի՝ Էսկիւրէն գաւառիկի եւ մերձակայ մթութեան մէջ։ Անոնք իրենց փոքրիկ մատիկներով զանազան հատապտուղներ, միջերկրականեան ծովափերուն վրայ աճող՝ զաարուրի եւ աննապի փոքրիկ հատիկներ զետեղած էին թափանցիկ տոպրակներու մէջ, յաջորդ օր տօնակատարութեան ընթացքին, մատուռին կից  սեղանիկներու վրայ վաճառելու համար։

Աստուածածնայ ուխտի օրն էր։ Քաղաքներէն եկող մարդոց յորդող  հոսանքը հետզհետէ կ՚աւելնար։ Կու գային Սուրիոյ մօտակայ քաղաքներէն՝ Հալէպէն, Լաթաքիայէն․․․ բոլորն ալ՝ ուխտերով եւ բաղձանքներով, զորս ծրարած էին  իրենց սրտերուն խորքը։ Կու գային  զանոնք յանձնելու Աստուածածնայ բարեհաճութեան։ Փոքրիկ մատուռի ձայնի ելեւէջները, հնչիւնները  կը ծածկէին հանդիպակաց լեռներն ու ձորերը։ Գիշերային ամայութեան մէջ, ցնծութեամբ եռացող հովիտին մէջէն, շարականաձայն հովիկը կ՚արձագանգէր՝ հեռաւոր լեռնաշղթաներէն ճամբայ գտնելու համար  դէպի երկինք․․․

*  *  *

Լուսէ գիշերային ամայութեան մէջ ձեռքը երկարեց, գրադարանի գիրքերէն մին բացաւ, ակնարկ մը նետեց գիրքի էջերէն մէկուն վրայ, սկսաւ կարդալ․․․ ետքը  հապճեպով դուռը բացաւ, գլխաբաց ու ոտաբոպիկ վազեց դուրս՝ դէպի  դաշտ․․․

Հրդեհի, այրուածքի  հոտ  էր, ուրկէ ըլլալը չէր գիտեր։ Ուժասպառ նստաւ թթենիներէն մէկուն տակ, որ մտածէր՝տեսիլք էր, թէ՞ երազ․դժուար էր հասկնալ,հոտը ռունգերուն մէջ էր տակաւին․․․ Հինաւորց հողը կը ճչար, կը բղաւէր կարծես․դիմացը թրքական գոյութիւնն էր, որ զինք կ՚ընկճէր․շուարած էր․․․

Դրացիները  քնացած էին, չէին տեսներ զինք։ Հեռուէն մարգարիտներու պէս փոքրիկ սպիտակ լոյսեր կը շողային․թերեւս ալ, հայկական արմատներ թաքնուած ըլլային անոնց մէջ, ի վերջոյ ովքեր  ալ  ըլլային հեռուն գտնուողները՝ մարդիկ էին վերջապէս․․․ մարդիկ, որոնք ստեղծուած էին նոյն արարիչին կողմէ․․․

Յիշեց  թէ՝ ինչպէ՛ս իրենց դրացուհին կը պատմէր իր  մօր՝ Զուլալ  մայրիկին  մասին, որ դիմացի Օրտու՝ թրքական գիւղէն էր, ջարդի օրերուն անոնք ալ թուրքերէն հալածուելով  այս սահմանով  հազիւ հասած էին Քեսապ, այնտեղ  թողած իրենց ամբողջ ունեցածը։ Սովի օրեր էին ամէն տեղ․Քեսապ եւ իր յարակից շրջանները կը  ջարդուէին  թրքական եաթաղանով։ Քէօրքինեցի Պետրոս թրքական հարուածէն   կիսամեռ վիճակով պառկած էր, մինչ՝ Զուլալ գեղուհին գաղթականներուն հետ կը հասնէր Պետրոսենց գիւղ, ուր սկիզբ կ՚առնէր սիրոյ պատմութիւն մը․․․

Լուսէ  յիշեց  օրը  այդ՝ երբ ինք  հարս եկաւ այս փոքրիկ գիւղը։ Այնքան ուրախ ճամբայ ելած էր, հասնելէն քանի մը օր ետք իրեն համար ամէն բան վերածուած էր հսկայ թոնիրի մը, որուն շուրջ ինք պարտաւոր էր մշտակայ ներկայութիւն դառնալ, անընդհատ աշխատելու մեղուի մը ժրաջանութեամբ, որ թոնիրին  կրակը  մնար թէժ․․․ թոնիրը մխացած էր անընդհատ, Լուսէի յոյզերով կայծ տուած էր՝չէր մարած անոր տաքուկ հոգիին շնորհիւ։ Զինք  հրաւիրած էին տաքնալու, բայց փոխարէնը Լուսէ իր քրտինքով եւ սիրով էր որ ջերմացուցած էր թոնիրը։ Քիչ մնացած էր որ ներս գլորէր ու անհետանար բոցերուն մէջ, բայց զուսպ եւ դիմացկուն կեցուածքը զինք պահպանած էին կորուստէ․մինչ օրն ի բուն թոնիրը թէժ պահելու համար կը ջանար, կը տքնէր, միաժամանակ  նշմարած էր, որ իր կեանքն ալ անցած էր, ցաւի զգացողութիւնն ալ անցած էր, մանկութեան ու պատանեկութեան պէս, իսկ ինք մնացած էր միս-մինակ   հեռաւոր այս լեռներուն վրայ՝ գլխիկոր թաւալքով․․․

Յանկարծ Լուսէ սթափեցաւ, ցուրտ էր, իսկ ինք անպաշտպան՝ արտաքնապէս եւ  հոգեպէս։

Ժամանակը ինչպէս սահեցաւ չհասկցաւ, թէ՝ իր կեանքի ժամանակը եւ թէ՝ կէսգիշերը, որ ակնթարթի մը պէս վերածուեցաւ առաւօտեան․․․

Գիւղը փոքրիկ շշուկներով, կենդանիներուն կանչերով  կ՚արթննար, մութն ու լուսաբացը կարօտով զիրար կը գրկէին։ Մելամաղձոտ կինը առանձին զգաց, բայց ճնճղուկներուն երգեցիկ մտերմութիւնը ժպիտ մը ուրուագծեց անոր  դէմքին․․․

Լուսէ  ամչցաւ իր շփոթահար վիճակէն, խոր շունչ քաշեց, լոյսի թափանցիկ շողին հետ արագ քայլերով  մտաւ ներս․առանձին էր, որոշում առաւ խաւարը ետեւ թողուլ՝ վերադառնալու դէպի լոյսը, ուր ամէն ինչ յստակ էր, հետապնդելու համար իր տեսիլքը։

Հեռացող մշուշին պէս իր կեանքը  եւս ենթակայ էր արագ անցնելու․պէտք է աճապարել՝ մտածեց․․․

Քայլերը լոյսին հետ հալեցան, միաձուլուեցան յաւիտենական լեռներու խորութեան մէջ, ուր անմահութեան ծննդավայրն է․․․ ուղղուեցաւ  ամպերուն առաջնորդութեամբ եւ բռնկող լուսաբացերուն  ոգիով․․․ հետեւելու մոլեգնապէս սլացող երկրագունդի վազքին, հասնելու հորիզոններէն անդին զինք սպասող՝  Արփիին․․․

Լուսէ քալեց արեւաթաթախ ճամբաներէն, յետոյ մշուշոտ ու անկայուն հորիզոններէ, ուր թշնամին ամէնուրեք է, բայց իր հայրենի տան հողոծածկ պատշգամն ու լեռները ոչ մէկ տեղ գտաւ։

Լուսէ  հիմա օտար է, լուսաւոր ճամբորդ է։ Իր տաքուկ թոնիրն ու հոգիի կրակը եւ լեռներու ամրութիւնը իրմէ անբաժան, անվերջ կը քալեն․․․

Կը  վերադառնա՞ր արդեօք, իր  տաքուկ թոնիրի երկիրը․․․

Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան     

Հալէպ