ALI EXPRESS
Երբ աստուածները լքեցին խորանները,
մարդիկ խոնարհեցան
զեղչերու լուսաւոր շեմին։
Մարգարէները այժմ կու գան Shanghai-էն՝
փաթեթներու գերձայնային լռութեամբ,
իսկ հրաշքները կը պահուին
պղպջակներու բարակ շնչառութեան մէջ,
տախտակեայ պատեանի տակ՝
graphic-ով կնքուած պահածոյ։
Ali Express-ը գիտէ մեր գաղտնածածկ ցանկութիւնը
նախքան մենք:
Կը կարդայ մեր կորուստի խուլ լեզուն,
մեր ուշ գիշերուան տագնապոտ որոնումները,
մեր ագահութեան այլանդակ չափերը։
Եւ մենք —
առաքման սպասող ազգեր,
ծանուցումներով սնող հոգիներ —
անհատներ՝
որ անընդհատ կը սեղմենք confirm delivery,
փորձելով համոզել մեզ,
թէ երազը իրաւամբ հասած է,
թէ այդ փաթեթը,
լուսնի պէս ուռուցիկ եւ հեռաւոր,
կը պարունակէ
մեր խոտորուած փափաքներուն
փոքրիկ փրկութիւնը։
CN 15
Գրեցի անունդ՝
ուղիղ, մանրակրկիտ տառերով—
լուսանցքներուն մէջ՝ սուր ճշդութեամբ։
Նոյնիսկ չմոռցայ
օգտագործել այն սեւ թանաքը,
որով կը գրէինք
մեր մանկութեան ճարպիկ գաղտնիքները—
չուզելով որ վերադարձի
ոչ մէկ ակնարկ
մատնուի փաթեթին։
Փաթեթը՝ նուրբ էր—
ներսը՝
չմարած խոստում մը,
եւ մեր գիշերներուն
լուսանկարչական ապակիները—
լուսաւոր պահերու փխրուն ժառանգութիւն:
Բայց երբ հասաւ,
դուն այլեւս այնտեղ չէիր—
no forwarding address.
Վերադարձաւ,
նամակակիրը աչքերով սահեցաւ վրաս՝
լուռ, գունաթափ զարմանքով,
թէ ինչո՞ւ մարդիկ դեռ կը փորձեն
ուղարկել կարօտ,
երբ գիտեն
որ հասցէատէրը շատոնց
անջատուած է աշխարհի ցանցէն։
COD
Փաթեթը պատրաստ էր։
Փակեցի՝ գիշերուան խորքին,
խնամքով—
ներսը՝
մեղք մը, լաւ պահպանուած,
սուտ մը՝ տակաւին տաք։
Հասցէն՝
Infernal Logistics,
Hellpost 666.
մակագրութիւնս պարզ էր, անսխալ—
COD։
Անհատոյց մեղք մըն էր,
դարձեալ առաքելի,
անկրկնելի պարտաւորութիւն մը։
Փոստատարը՝ մռայլ, բայց համարձակ professional,
ցուրտ ձայնով ըսաւ․
«Վտանգաւոր բեռն է»:
Ցոյց տուաւ նայուածք մը—
կասկածի եւ յարգանքի
ճշգրիտ միջանցքը։
Եւ հիմա՝
կը սպասեմ անդորրագրին,
աւելի թունդ ակնկալութեամբ
քան առաքումին,
թերեւս—
քաւումի սպիտակ ստորագրութիւնը
վերջապէս կը հաստատէ
որ մեղքս ընդունուած է
եւ վճարուած։
EMS
Շտապ սիրոյ տարբերակ մըն էր—
արագ, հետեւելի։
Բայց երբեմն,
ամենաարագ ուղարկուած բաներն են
որ առաջնահերթ կ’անհետանան։
Քանի մը օր անց,
հարթակին վրայ միայն մէկ տող—
բան մը, որ չէր անցներ միտքէս․
delayed
will retry
return to origin։
Եւ ես ընդունեցի փաթեթը
այն հանգիստ հաւանութեամբ,
որուն կը հասնի մարդ մը
երբ արդէն հասկցած է՝
որ ուշացած սիրոյ առաքումը
աւելի ծանր է,
աւելի խեղդող,
քան ինք՝
սէրը։
FRAGILE
Ինձ դրի տուփի մը մէջ—
փափուկ բարձիկներով շուրջս,
չուզելով որ ցաւերս
շարժման ընթացքին
ցնցուին ու ճաքին։
Վրան գրեցի մեծատառ՝
FRAGILE
HANDLE WITH CARE,
եւ կցեցի նուրբ նախազգուշացում մը՝
not to be opened with a hook։
Գիտէ՞ք,
ինչքան դժուար է մարդ մնալ
այս օրերուն,
երբ ամէն ինչ կը փշրուի
աւելի դիւրին
քան ապակին։
Հիմա ըսէք՝
ինքս ինձ ուղարկե՞մ,
թէ՞ մնամ այսպէս՝
փակ,
բայց
փրկուած։
LETTER CARRIER
Կու գայ դանդաղ —
չի շտապեր։
Առաքածը
արդէն ուշացած է։
Վրան՝ մաշած համազգեստ,
ձեռքին՝
մարդոց չկարդացուած միտքերը՝
ծալքոտ քաղուածքներ օրուան հաւատքէն։
Letter carrier,
հին աշխարհի մնացորդ մը՝
մարդ մը,
որ տակաւին կը հաւատայ,
թէ բառերը կշիռ ունին,
եւ հասցէները
այդքան հեշտ
չեն փոխուիր։
Ան կը շարունակէ յապաղիլ՝
անտեղեակ,
որ հասցէատէրերը շատոնց
լքած են
սպասելու իրենց համբերութիւնը։
MOVED WITHOUT LEAVING AN ADDRESS
Խաղաղութեան հրաւէրի նամակ մը գրեցի—
թուղթի մը վրայ,
ներծծուած ամբողջ ազգի մը վիշտով,
թանաքը՝ զոհուածի արցունք,
բառերը՝ մօր մը շշուկով կարդացուող աղօթք։
Ուղարկեցի զայն անոնց,
որ սեղաններու շուրջ կ’որոշեն՝
ո՛վ արժէ ապրիլ,
ո՛վ պիտի դառնայ
թիւ մը վիճակագրութեան մէջ։
Հասցէն՝ պատերազմի տէրերուն՝
արտօնեալ գօտիի մը խորքը:
Նամակս մեկնեցաւ,
անցաւ ձեռքէ ձեռք,
կորսուեցաւ զինուորական աւազապարկերու մէջ,
զրահապատ ճամբաներով՝
սահմաններէն անդին,
բայց չհասաւ երբեք։
Վերադարձաւ օրեր ետք—
ծռմռուած, մոխրագոյն, յուսախաբ,
եւ երեսին՝ կնիք մը,
դրօշի պէս կարմիր ու լուռ՝
“Addressee Moved.”
հասցէն փոխուած էր։
Պատերազմի տէրերը դարձած էին
անհասանելի—
նոյնիսկ իրենց զոհերուն,
փակած էին փոստարկղերը,
մոռցած՝ որ բառ մը երբեմն
աւելի ծանր կ’իյնայ քան ռումբ մը։
Ենթակայ մնացի միայն ես—
նախադասութիւն մը ձեռքիս,
չգիտնալով,
ո՞ւր ուղարկել նամակս յաջորդ անգամ,
Երբ պատերազմը ունի հազար անուն,
բայց չունի ոչ մէկ հասցէ:
NO ONE AVAILABLE AT THE ADDRESS
Միջմոլորակային ցանցով
նամակ մը ղրկեցի
alien-ներուն։
Ներսը զետեղեցի—
քիչ մը հողագնդային ժպիտ,
քանի մը մեղեդի՝ Mozart-էն,
եւ ծածկագիր բանաստեղծութիւն մը՝
«Love» խորագրով։
Սպասեցի—
եօթ լուսային տարի։
Եւ օր մը վերադարձաւ…
յուսահատութեան նմանող պատասխանի մը պէս՝
No one available at the address.
Բայց ես գիտէի—
անոնք, ո՛ւր որ ալ թափառին,
կրնան ընթերցել
այն տողերը,
որ մենք
չենք համարձակիր գրել։
OP 104
Թիւ մը,
որ ինքզինք կորսնցուցած է—
ինչպէս անանուն երգ մը,
որ կը հոսի պատահական
անցորդի շուրթէն,
եւ կը վերանայ
առաջին խաչմերուկին:
Միտքերս այսօր յոգնած են,
բայց աչքերուս մէջ կայ
բարակ լոյս մը—
այն լոյսին նման,
որ ճեղքուած պատուհանէ մը կը ծորայ,
ու կը մրմնջէ,
թէ մարդ իր գաղտնիքը կը պահէ
ամէնէն պարզ պահերուն:
Եւ OP 104-ը,
կը դառնայ ոչ թէ թիւ,
ոչ էջ,
ոչ ալ արձանագրութիւն,
այլ՝ իմաստ մը,
որ կը ծնի այն ճշդուած վայրկեանին,
երբ մարդ կը լսէ իր սեփական լռութիւնը,
աւելի յստակ,
քան աշխարհի
ամենակոպիտ աղմուկը:
PO BOX
Գրեցի նամակ մը—
Աստուծոյ։
Փոքրիկ ծրարի մէջ
զետեղեցի սրտիս մեղքը,
աղօթքի մը պէս՝
թանաքով գծուած։
To: God
PO BOX 777
Heaven
Վրան աւելցուցի
փխրուն նախազգուշացում մը.
«Բա՛ց միայն,
եթէ տակաւին կը հաւատաս
պատասխանի ուժին»։
Բայց օրեր ետք
նամակատարը վերադարձուց
ծրարս—
կարմիր դրօշակով,
ու կողքին պիտակ մը՝
“No longer accepts handwritten prayers.”
Եւ ես հասկցայ—
միայն ես էի պահած
թանաքն ու թուղթը
Աստուծոյ մը համար,
որ թերեւս,
այլեւս
չի կարդար։
REFUSED
Չկար տարակուսանք հասցէին մէջ,
ոչ սխալ postal code,
ոչ անորոշ քաղաք։
Ամէն ինչ ճիշդ էր—
բացի մէկ բանէն՝
քու ցանկութիւնդ
ստանալու։
Փաթեթը փոքր էր,
բայց ծանր—
իր մէջ կը պահէր բառեր,
որ ծնունդ առած էին
երկար լռութիւններէ ետք։
Յիշողութիւններ՝
փրկուած մոռացութեան եզրին,
ու շունչ մը,
որ տակաւին տաք կը պահէր
վերջին կնքադրոշմը։
Երբ առաքեցին—
դուն գլուխդ դարձուցիր,
եւ նամակակիրը ձեռքին կանգնած մնաց
միայն հսկայ քարտ մը՝
միակ ստորագրութեամբ՝
REFUSED.
Եւ ես կռահեցի—
երբ սէրը կ’ուղարկուի
ոչ ամբողջական կարօտով,
թէեւ ամենաքնքուշ
փաթեթով,
ան կը դառնայ
միանգամայն,
վերադարձուելիք
ապրանք։
RETURN TO SENDER
Ես նամակ մը գրեցի
ինքս ինծի—
առանց աւելորդ բարեւներու,
առանց ճոխ վերնագիրի—
պարզ, մերկ։
Մակագրեցի.
To myself,
from also me.
Անցան օրեր,
եւ եկաւ փոստատարը—
լուռ նայելով աչքերուս,
ձեռքին՝ նամակը,
որ ես էի գրած։
Չկարողացայ ստանալ—
ճանչցայ ձեռագիրս։
Եւ նամակը վերադարձաւ՝
Return to sender.
Եւ դարձեալ անցան օրեր,
ու դարձեալ եկաւ փոստատարը—
նոյն լռութեամբ,
նոյն հայեացքով,
ձեռքին՝ նոյն նամակը,
որ ես էի գրած։
Հիմա նամակը ձեռքս է—
կը պահեմ փակ,
միայն այն յոյսով,
որ օր մը
վերջապէս կ’ընթերցեմ,
այնքան անմիջական,
որքան կը պահանջէ
այդ անյղկելի
ձեռագիրս։
UNKNOWN AT THIS ADDRESS
Ես գրեցի բարութիւն—
բառերը դրոշմեցի պարզ, յստակ,
փոքրիկ թուղթի մը վրայ,
բայց սրտով՝ բաւարար լայն,
որ ծածկէր աշխարհը։
Ծրարը կնքեցի
մաշկով,
մտքով,
ու փոքր յոյսով մը—
որ թերեւս մարդը
կը ճանչնայ մարդուն։
Հասցէն գրեցի
միապաղաղ վստահութեամբ.
Մարդուն,
Երկիր Մոլորակ։
Օրեր ետք
ծրարս վերադարձաւ—
ամէն ինչ կայուն,
բացի կնիքէն,
որ խուլ մետաղի հարուածով,
կոշտ ու անողոք
կարմիր տառերով կը պնդէր.
UNKNOWN
RECIPIENT NOT RECOGNIZED
Ես պահեցի ծրարը—
լուռ վկայութիւն մը,
որ մէկ անգամ,
միայն մէկ անգամ,
փորձած էի բարութիւն ուղարկել
աշխարհին,
եւ աշխարհը…
չճանչցաւ
ինք զինքը։
UPU
Պիտի միացնեն աշխարհները—
UPU-ի համակարգով,
երկրէ երկիր։
Նոր ծրարս ուղարկեցի քեզ՝
ճիշդ միջազգային ձեւաչափով։
Կարիք չկար բառերու—
միայն հասցէ,
միայն կնիք,
միայն համակարգ մը,
որ պէտք էր գտնէր քեզ։
Բայց ետ վերադարձաւ՝
Destination Unreachable.
Երեւակայեցի հսկայ մեքենայ մը—
միլիոնաւոր նամակներով շնչող
համակարգ մը,
իսկ իմ փոքրիկ սրտիս ծրարը
հոսքէն դուրս ինկած,
կորսուած—
ինչպէս երազ մը։
Եւ մտածեցի՝
աւելի օգտակար չէ՞ր ըլլար
համակարգ մը,
որ կ’ընթերցէր
այն բառերը,
որ ես
չգրեցի
թուղթի վրայ։
1-ALI EXPRESS- Միջազգային առցանց գնումներու հարթակ:
2-CN 15- Փոստային վերադարձի պիտակ՝ այն նամակներուն համար, որոնք չեն
առաքուիր կամ մերժուած են մաքսային մարմիններուն կողմէն:
3-COD “Cash On Delivery”- Վճարում առաքման պահուն:
4-EMS “Express Mail Service”- Միջազգային Արտակարգ Փոստային Ծառայութիւն:
5-FRAGILE- Դիւրաբեկ:
6-LETTER CARRIER- Փոստատար:
7-MOVED WITHOUT LEAVING AN ADRESS- Հասցէատէրը փոխած է իր հասցէն,
բայց նոր հասցէ չէ թողած:
8-NO ONE AVAILBLE AT THE ADRESS- Ոչ ոք կայ հասէին:
9-OP 104- Փոստային ներքին ձեւ, որ կը գործածուի վերադարձուող կամ
առաքուող նամակներու արձանագրութեան համար:
10-PO BOX- Փոստարկղ
11-REUSED- Ստացողը մերժած է ընդունիլ փաթեթը:
12-RETURN TO SENDER- Վերադարձնել ուղարկողին:
13-UNKNOWN AT THE ADERSS- Այն անձը որ պիտի ստանայ առաքուած իրը
անծանօթ է հասցէին:
14-UPU “Universal Postal Union”- Միջազգային Փոստային Միութիւն: