(Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով)
Սփիւռքահայ գրականութեան Բ. սերունդի ամէնէն փայլուն արձակագիրներէն մին է, անկասկած, Յակոբ Կարապենց (1925-1994), որ իր կեանքի մեծագոյն բաժինը ապրած ըլլալով Ամերիկա ու ստեղծագործած ըլլալով հո՛ն՝ հաստատապէս մաս կազմեց ամերիկահայ գրականութեան։ Այս առումով ալ, իր անունը կը դնենք Համաստեղի, Բենիամին Նուրիկեանի, Վահէ-Հայկի կամ Արամ Հայկազի նման վաստակաւոր դէմքերու շարքին, իբրեւ անոնց կրտսեր մէկ հետեւորդը, այդ երէց գրագէտներէն 25-30 տարի փոքր։
Բայց անմիջապէս հարկ է ճշդել, թէ այս «հետեւորդ»-ութիւնը բացարձակ չէ, այլ մասնակի է, որովհետեւ Կարապենց ո՛չ իր ծննդավայրով, ո՛չ լեզուով, ո՛չ ալ իր մշակած գրականութեան միջուկով ու նպատակով
կը նոյնանար վերեւի անուններուն հետ։ Այդ համբուրելի անուններն ու Կարապենցը իրարու կամրջող, զանոնք գրական նոյն ընտանիքին անդամ դարձնող երկու կէտ կար միայն. աշխարհագրական միջավայրը՝ Ամերիկան, ուր կ’ապրէին անոնք, եւ հայատառ գրականութիւնը, որուն սպասարկելու հաճոյքն ու բաւականութիւնը կ’ապրէին բոլորն ալ…։
Պիտի յիշենք, որ Համաստեղ ու միւս անունները, իրենց ծնունդով, կու գային ուղղակի պատմական Արեւմտահայաստանի հողերէն։ Մինչդեռ Կարապենց Թաւրիզէն էր (Իրան)։ Համաստեղ եւ միւսները, առաւելաբար, փորձեցին վերապրեցնել իրենց կորսուած գիւղն ու հայրենի օջախը (կարօտի գրականութիւն), կամ սեւեռել այդ բնօր-րաններէն Նոր Աշխարհ գաղթած Ա. սերունդի հայորդիներու տագնապները, մինչդեռ Կարապենց ընդհանրապէս իրեն նիւթ դարձուց բո՛ւն իսկ ամերիկածին ամերիկահայն ու բնիկ ամերիկացին՝ իրենց առօրեայ շփումին մէջ։ Համաստեղ եւ միւսները գրեցին արեւմտահայերէնով, իսկ Կարապենց՝ արեւելահայերէնով, որ պարսկահայու իր հարազատ բարբառն էր…։
Յակոբ Կարապենց ամերիկահայ բովանդակ գրականութեան մէջ երեւոյթ մըն էր։ Ինքնուրոյն դիմագծութեամբ գրագէտ մը։ Բարձրորակ, նորարար ու արդիապաշտ գրիչ մը, գեղահիւս ոճի վարպետ մը, որ ամէնէն բարդ պատկերներն ու զգացական վիճակները արտակարգօրէն ճկուն բառերով ու դարձուածքներով նկարագրելու, վրձինելու շնորհն ունէր։ Նայուածքը պայծառ էր միշտ, ճաշակը՝ նուրբ, տէրն էր ընթերցողը կախարդելու ու զայն գիրքին մթնոլորտին մէջ ներքաշելու գաղտնիքին։ Ստեղծագործական իր աշխարհը ընդարձակ էր, բազմերանգ, հայադրոշմ ու համամարդկային միաժամանակ։
Մինչեւ այսօր շատեր կը զարմանան, որ այս գրողը,և ո՜վ գիտէ գաղափարախօսական ինչ ազդակներու տակ,և խուսափեցաւ անգլերէն գրելէ (սահուն եւ անսխալ կը գրէր այդ լեզուով) ու նախընտրեց փոքրաթիւ ընթերցողներ ունենալու գնո՛վ իսկ ստեղծագործել լոկ հայերէն լեզուով…։ Ամերիկեան տարածուն մամուլին փոխարէն՝ խարիսխ նետեց հայ համեստ մամուլի էջերուն ու իր կենդանարար շունչը հո՛ն սփռեց, մինչեւ իսկ չանսալով իր բարեկամ Ուիլիըմ Սարոյեանի թելադրանքներուն՝ անգլերէն գրելու…։
Կարապենց քաղաքացի-բնակիչն էր Ամերիկայի մեծ ոստաններուն։ Բայց այդ քաղաքները չէին շլացուցած զինք։ Զորօրինակ, Նիւ Եորքը իր երկնահաս բարձրաբերձ շէնքերով ի՞նչ կը ներկայացնէր իրեն համար։ Ահա՛ պատասխանը՝ իր իսկ գրչով։ Կարդացէ՛ք ուշադիր եւ բառ առ բառ.
և Նիւ Եորքը ցոփակեաց դիցուհո՛ւ պէս պահպանում է իր երիտասարդութիւնը։ Նիւ Եորքը մի վայրկեան է մարդկութեան հազարամեակների մէջ։ Անառակ, համարձակ ու վայրենի։ Այնինչ Աթէնքը, Հռոմն ու Աղեքսանդրիան կառուցել են մտքի եւ հոգու դարաւոր փայլատակումներով, Նիւ Եորքը փորձել է գլուխ հանել մէկ օրուայ մէջ։ Եւ որովհետեւ մտածելու բարդ ձեւերին ծանօթ չէ, ուժ է տուել իր բազուկին։ Տարագիրների, փախստականների ու զանազան բախտախնդիրների ամբոխը ուսը տուել է ժայռին եւ քարը քարին վրայ դնելով հասել երկինք, պատռել ամպերի կուրծքը եւ հռչակել իր ազատութիւնը» («Կարթագէնի Դուստրը», էջ 161)։
Ոսկի տառերով դաջուած ճշմարտութիւն մը…։
* * *
Տասնամեակներ առաջ, 80-ական թուականներուն, իսկական յայտնութիւն մը եղած էր ինծի Կարապենցի հիւթեղ արձակը, որմէ ընդարձակ նմոյշներ ընթերցելու առիթ կ’ունենայի Պէյրութի «Բագին» գրական ամսագրի էջերէն։ «Բագին» շատ կանոնաւոր հետեւողականութեամբ կը հիւրընկալէր Կարապենցի գրութիւնները, եւ զգալի էր որ պր. Սնապեան՝ ամսագրի գրականագէտ խմբագիրը, հիացում ունէր ամերիկահայ իր այս հաւատարիմ աշխատակիցին նկատմամբ, քանի որ միշտ պատուոյ տեղ կու տար անոր։
Սա պահուն ճշգրտօրէն կը յիշեմ այն առաջին պատմուածքը, զոր կարդացած էի Կարապենցէն ու խորապէս տպաւորուած, սիրա՛ծ։ Կա՛մ «Բագին»-ի ընթացիկ թիւերէն մէկուն մէջ էր ատիկա, կա՛մ ալ՝ աւելի հին շրջանի հաւաքածոներուն, որոնց կը դիմէի պարբերաբար, դեռ Ճեմարանի տարիներէս, պեղելու, պրպտելու, անցեալի արժէքները յայտնաբերելու նպատակով։ Կարծեմ «Ուշացած Ալբատրոսը» կը կոչուէր ան եւ նիւեորքաբնակ հայուհիի մը ու Վիեթնամի պատերազմին ամերիկեան բանակին ծառայած ու ծանրօրէն վիրաւորուած ամերիկացի ճենթլմէնի մը սիրոյ կապին պատմութիւնն էր…։ «Ալբատրոս»-ը անձնական առագաստանաւու մը անունն էր, ու երկու սիրահարները լման օր մը պիտի անցընէին միասին, անոր վրայ, Նիւ Եորքի նաւահանգիստէն բացուելով դէպի Ատլանտեանի խորերը, միաժամանակ բանալով իրենց սիրտերը իրարու…։
Յետոյ պիտի կարդայի «Լոդիս»-ը, որ ամերիկացի տաղանդաւոր փոքրիկ աղջնակի մը եւ անոր ծնողներուն մասին էր ու կ’աւարտէր Լոդիսին (աղջկան անունն է) ողբերգական ու անակնկալ մահով…։
Նոյն այդ տարիներուն է որ, օր մըն ալ, Յակոբ Կարապենց իր կենդանի ձայնը հասցուց ինծի… «Ամերիկայի Ձայնը» ռատիոկայանին ճամբով։ The voice of America-ն հայերէն ամէնօրեայ սփռումներ ունէր այդ շրջանին ու ես, կարճ ալիքի վրայով, գրեթէ տեւաբար կ’ունկնդրէի Ուաշինկթընէն հասնող այդ ձայնասփռումները, որոնք առհասարակ արեւելահայերէնով էին։ Կարապենց մերթ ընդ մերթ զեկուցումներ կամ մեկնաբանութիւններ կը կարդար հոնկէ, քանի որ,և ինչպէս պիտի հաստատէի աւելի ուշ,և այդ ռատիոկայանի հայերէն բաժնի խմբագիրներէն մին եղեր էր ինք, լման 25 տարի, 1954-1979։ Կարապենցի այդ կենդանի ձայնը մինչեւ այսօր ականջներուս մէջ է կարծէք։ Այդ ձայնը իր ու իմ միջեւ «իրական» միա՛կ շփումը մնաց…։
Բայց, բարեբախտաբար, կային իր գիրքերը, որոնցմէ ոմանք, սա կամ նա ճամբով, կը հասնէին ինծի։ «Ադամի Գիրքը» մէկն էր անոնցմէ։ Գեղարուեստական վայելք էր Կարապենց ընթերցելը։
ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԳԻՐՔԵՐԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ
2025-ը մատնանիշ կ’ընէր Յակոբ Կարապենցի ծննդեան 100-ամեակը։
Յիշող եղա՞ւ այս դարադարձը Ամերիկայի մէջ, որուն հայագիր դպրութեան ծառայեց տաղանդաւոր այս գրագէտը առնուազն երեսունհինգ տարի։
Սահերանցեր են Կարապենցի մահէն երեք տասնամեակներ։ Ուրախալի է տեսնել, որ իր գիրքերը դեռ մինչեւ այսօր ասպարէզ
կը կարդան սահող ժամանակին, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ։ Քիչեր գիտեն, թէ Խորհ. Հայաստանի դռները միշտ ալ ամրօրէն փակ մնացեր էին Կարապենցի առջեւ, որովհետեւ ան մաս չէր կազմած սովետասէրներու խմբակին։ Իր անունը չէք գտներ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-ին մէջ եւս։ Միայն Հայաստանի անկախութենէն ետք է որ հայրենի գրական շրջանակները սկսան տակաւ «յայտնաբերել» Կարապենցն ու անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը, կարդալ, վերլուծել, ծանօթացնել զայն հանրութեան։ Բայց քիչ մը ուշ էր արդէն։ Մահը կանխեց գրագէտին ու հայրենաբնակ իր ժողովուրդին ընդելուզումը։ Կարապենցի երեւանեան առաջին գիրքերը լոյս տեսան 1995-ին, գրողին կանխահաս մահէն ետք միայն։ «Ադամի Գիրքը»-ն ալ վերատպուեցաւ հոն, 2012-ին, սփիւռքեան ճակատի վրայ 80-ական թուականներուն արժանանալէ ետք ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» եւ Ֆրանսահայ Գրողներու Ընկերակցութեան «Էլիզ Գաւուքճեան-Այվազեան» մրցանակներուն։
Յամենայնդէպս, բարեբախտութիւն պէտք է սեպել, որ Կարապենց թէ՛ խորհրդային շրջանին (ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցելով) եւ թէ՛ անկախութենէն ետք երկու-երեք անգամ առիթն ունեցաւ Հայաստան այցելելու։ Վերջին երթին, կը պատմուի թէ այցելեց սահմանապահ կամաւորական գունդերուն եւ յուզիչ խոնարհումով մը համբուրեց զինուորներուն ձեռքերն ու բռնած զէնքերը, ի մեծ զարմանք շուրջիններուն…։
Կարելի է երկարօրէն խօսիլ Կարապենցի գիրքերուն ու մշակած գրականութեան առանձնայատկութիւններուն մասին։ Սակայն, նախ, հարկ է ճանչնալ զայն իր դիմագծութեան ու կենսագրական համառօտ տուեալներուն մէջ։
Կը սկսիմ դասական հարցումով մը. ո՞վ էր Կարապենց եւ ուրկէ՞ կու գար։
Յակոբ Կարապենց, բուն մականունով՝ Կարապետեան, ծնած էր 1925-ին, Թաւրիզ, հիւսիսային Իրանի պատմական քաղաքը (Ատրպատականի նահանգ), բանաստեղծ Գեղամ Սարեանի եւ վիպագիր Յովհաննէս Ղուկասեանի նման։ Մեծ պապը Շուշիէն էր, բնիկ ղարաբաղցի։ Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցեր էին ծննդավայրին մէջ՝ խառնակ ու անբաղձալի պայմաններու տակ, նկատի ունենալով որ կանուխէն ամուսնալուծուեր էին իր ծնողները ու ինք, հարկադրաբար, մնացեր էր հօրաքոյրերուն խնամքին ենթակայ…։ Շրջանաւարտ եղեր էր տեղւոյն Ազգ. Հայկազեան-Թամարեան վարժարանէն։ Երկրորդական ուսումը առեր էր սակայն Թեհրանի մէջ՝ Ֆրանսական թեքումով դպրոցէ մը։ Ու երբ թեւակոխեր էր 22 տարեկանը (1947)՝ դուրս եկեր էր Իրանէն ու Ատլանտեանը ճեղքելով հասեր Ամերիկա ու հաստատուեր երկրին արեւելեան ափը։ Ամուսնացեր էր կանուխ՝ 1949-ին (կողակիցը հայուհի մըն է, բախտաւորուած են մանչ ու աղջիկ երկու զաւակով)։ Քանսաս Սիթիի (Միզուրի նահանգ) ու Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարաններուն մէջ մասնագիտացեր էր լրագրութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։ Ուսման բնոյթն ու ծիրը, հետագային, խիստ բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենային անշուշտ իր գրագէտի աշխարհայեացքին ու շնորհին վրայ։ Հոն՝ Միացեալ Նահանգաց արեւելեան ափին (ի Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Քըննէքթիքըթ նահանգ եւ հուսկ Պոսթըն) Կարապենց պիտի ապրէր, գործէր ու գրականութեամբ զբաղէր մինչեւ իր վերջին շունչը՝ 20 Հոկտեմբեր 1994։
Կը մահանար Պոսթըն, 69 տարեկանին, զոհ՝ անողոք հիւանդութեան մը։
Տարիներու երկայնքին աշխատակցած էր Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»-ին ու «Նոր Կեանք»-ին, «Բագին» ամսագրին, Մոնրէալի «Հորիզոն Գրական»-ին եւ այլն։
* * *
Տասը հատոր ունինք իրմէ, բոլորն ալ՝ արձակ, մասամբ տպուած Պէյրութի «Ատլաս» հրատարակչատան մէջ, մասամբ՝ Ամերիկա։ Թուե՛նք. «Անծանօթ Հոգիներ» (պատմուածքներ, 1970), «Կարթագէնի Դուստրը» (ժամանակակից վէպ՝ սիրային պատումներով եւ Վիեթնամի պատերազմին հէնքին վրայ, 1972), «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները» (պատմուածքներ, 1975), «Միջնարար» (պատմուածքներ, 1981), «Ադամի Գիրքը» (վէպ՝ ինքնակենսագրական հէնքով, 1983), «Ամերիկեան Շուրջպար» (պատմուածքներ, 1986. համապարփակ ներկայացումով գրախօսուած է «Բագին»-ի 1987-ի Մայիսի թիւով՝ Վեհանոյշ Թեքեանի կողմէ), «Ան-կատար» (պատմուածքներ, 1987), «Երկու Աշխարհ» (գրական փորձագրութիւններ, տեսական-վերլուծական յօդուածներ, 1992) եւ «Մի Մարդ Ու Մի Երկիր Եւ Այլ Պատմուածքներ» (1994)։ Մահէն ետք, կարելի եղած է ի մի ժողվել իր հրապարակագրական էջերէն ընտրա-
նի մըն ալ ու «Մտորումներ» խորագրով հրատարակել զայն 2009-ին։
Կարապենց սկիզբէն եւէթ հաղորդ եղած է գրական շարժումներու եւ մտքի հոսանքներու ու ջանացած է քայլ պահել անոնց հետ՝ այնքան, որքան թելադրած են իրեն իր համոզումն ու սեփական աշխարհայեացքը։ Թերեւս սխալ պիտի չըլլար պնդել, թէ Ամերիկա ապրող մեր հայագիր գրողներու փաղանգին մէջ ամէնէն «ամերիկացած»-ն էր ինք՝ իր կենցաղով, աշխարհընկալումով ու հոգեխառնութեամբ, բայց նաեւ՝ իր տիպարներուն ինքնութեամբ։ Ամերիկեան շրջապատը կենդանի ներկայութիւն է իր գրականութեան էջերուն։ Այս իսկ պատճառով, Կարապենցի գիրքերը,և պատմուածքներ ըլլան անոնք թէ վէպ,և արդիականութեան մը դիմաց կը դնեն մեզ ու բոլորովին նոր հորիզոններ կը բանան մեր առջեւ՝ փոխելով հունը գեղարուեստական գրականութիւն ճաշակելու մեր աւանդական ըմբռնումներուն։ Այս բեկումնային շրջադարձը կտրուկ կերպով զգալու համար մէ՛կ բան պիտի ընէք. նախ գիրք մը կարդացէք, զորօրինակ, Վահէ-Հայկէն («Հայրենի Ծխան» շարքէն որեւէ հատոր), ապա անմիջապէս ձեռք առէք Կարապենցէն հատոր մը։ Պիտի շրջուի ձեր իմացական ու հոգեկան աշխարհը 180 աստիճան…։
Կարապենց ինչպէ՞ս նուաճեց այսպիսի իւրայատկութիւն մը։
Համալսարանական իր ուսումը օգնած է իրեն անշուշտ։ Յետոյ՝ իր առօրեայ շփումը տեղական,և ամերիկեան,և գրական աշխարհին հետ։ Յետոյ՝ ինքզինք անդադար վերամշակելու, կատարելագործելու, թուղթին յանձնուելիք նիւթը տեւաբար նորոգելու եւ գրական արդի թեքնիքներով զայն հիւսելու, խմորելու իր հետամտութիւնը։ Յետոյ՝ գրականութիւնը նպատակասլաց առաքելութեան մը վերածելու իր միտումը։ Կանուխէն շա՛տ սիրած է Չարենցն ու Բակունցը։ Այս բոլորը Կարապենցը վերածած էին «արդիաշունչ» գրողի մը։ Բայց զգո՜յշ…։ Իմ այս հաստատումը կարծել չտայ, թէ Կարապենցը պէտք է դնել Վահէ Օշականի մը կամ Պըլտեանի մը կողքին։ Ո՛չ։ Կարապենց ծայրայեղութիւններ չունէր վերջին երկու անուններուն նման։ Իրը ժամանակին հետ քայլ պահելու, ժամանակին շո՛ւնչը դառնալու ձգտումն էր պարզապէս։ Այլապէս, Կարապենց նոյնիսկ դասական տիպի արձակագիր մը կրնայ սեպուիլ այսօր։ Ի՛ր դարուն դասական արձակագիրը։ Կրնանք տեղ բանալ իրեն դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ։
ՏԱԳՆԱՊՈՂ ՀԱՅԸ ԿԱՐԱՊԵՆՑԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կարապենցի գործերուն մէջ տեւաբար
կը հանդիպինք տագնապող հայ տիպարներու։
Տագնապող հայ։ Տագնապահար հայորդի։
Մենք այսպէս կը բնորոշենք հայու այն տիպարը, որ սփիւռքի կազմաւորման սկզբնական շրջանին խորունկ տագնապ մը ապրեցաւ, մա՛նաւանդ արեւմտեան հայագաղութներու մէջ։ Տագնապին գլխաւոր դրդապատճառը ինքնութեան փնտռտուքն էր։ Փարիզի, Մարսէյի կամ Նիւ Եորքի ափերը ինկած գաղթական հայը կը մտածէր. «Ես Ֆրանսացի՞ եմ, թէ՞ հայ»։ «Ամերիկացի՞ եմ, թէ՞ հայ»։ Այս երկուութիւնը կը տառապեցնէր զինք, որովհետեւ յաճախ, ինչ-ինչ դրդա-պատճառներու բերումով, ստիպուած էր ընտրութիւն մը կատարել ինքնութեան երկու տարբերակներէն։ Բայց այս ընտրութի՛ւնն ալ կը տանջէր զինք, որովհետեւ կը մատնուէր հոգեկան երկփեղկումի։ Մէկ կողմէ իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին ըլլալու տենչը
կը զսպանակէր զինք, միւս կողմէ՝ կ’ապրէր իր հայկական արմատներէն կտրուելու ցաւը։ Ֆրանսահայ մեր գրողները՝ Շահնուրէն ու Հրաչ Զարդարեանէն մինչեւ Որբունի, Սարաֆեան ու Փօլատեան խո՛րապէս ապրած են այդ տագնապը ու զայն դրսեւորած իրենց գրականութեան մէջ։
Պարագան տարբեր չէր կրնար ըլլալ Ամերիկայի տարածքին եւս։ Ինքնութեան տագնապը կը կրծէր գաղթական հայուն հոգին։
Կարապենցի գրականութեան մէջ, ահաւասիկ, կարմիր թելի մը նման ինքզինք
կը յայտնէ այս թեման։ Իր տիպարներուն ներսիդին իրարու դէմ կը պայքարին քաղաքացի ամերիկացին ու արմատներէն փրթիլ չկրցող հայը…։ Ու գրագէտը, իր մէկ գիրքէն դէպի միւսը, շարունակ կը պեղէ իր այս հերոսներուն հոգին։ Ահա՛ թէ ինչու ան իր պատմուածքներու անդրանիկ հատորը կոչած էր «Անծանօթ Հոգիներ»։ Այդ հոգիները ո՛չ ոքի ծանօթ էին։ Անոնք կը մխային միայնա՜կ…։ Թէքէեանն էր, որ ըսած էր չէ՞. «Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»…։
Այո՛, Կարապենց շարունակ կը քրքրէր իր տիպարներուն հոգեյատակը ու երեւան
կը հանէր շա՛տ բան, սակայն ինք ալ
կը գիտակցէր, թէ պեղումի այդ աշխատանքը վերջ չունի, աւարտուն պիտի չըլլայ, քանի որ մարդու հոգին աներեւակայելիօրէն խոր է ու անյատակ։ Ահա՛ թէ ինչու գրագէտը իր վերջին գիրքերէն մին կոչած էր «Անկատար»…։ Միով բանիւ, Կարապենց ըսել կ’ուզէր, թէ անծանօթ հոգիներու հետախուզութիւնները ի վերջոյ դատապարտուած են մնալու անկատար…։ Որքա՜ն պարզ բայց խորունկ իրականութիւն մը։
Ոմանք «Ադամի Գիրքը» վէպը կը նկատեն Կարապենցի գլուխ-գործոցը։ Թերեւս։ Ինքնակենսագրական գործ մը կը հաշուուի այս, քանի որ վէպին գլխաւոր հերոսը՝ գրող ու լրագրող Ադամ Նուրեանը, ինչ-ինչ փուլերու մէջ կը նոյնանայ նոյնինքն վիպագիր հեղինակին հետ։ Սփիւռքեան ողբերգութեանց այլատեսակ երեսները ցոլացում կը գտնեն այստեղ՝ սկսելով սերնդափոխութեան հարցէն ու հասնելով մինչեւ հայապահպանումի թնճուկը։ Կարապենց լայն պաստառի վրայ
կը նկարէ ժամանակակից մարդուն տագնապը, սփիւռքահայ մարդուն արդի խռովքը եւ ամերիկեան հասարակարգին դրոյթը։ Բայց այս երեք կէտերը ընդհանուր վերնագրեր են պարզապէս։ Վէպին էջերը լեցուն են մերօրեայ մարդը (եւ հայը) յուզող բազմաթիւ մանրամասնութիւններով։ Զորօրինակ, Կարապենց կ’ակնարկէ 70-ական թուականներուն ծայր տուած հայկական զինեալ ընդյատակեայ շարժումին ու ատոր ազդեցութեան՝ մեր հոգեբանութեան վրայ, կը վերակոչէ Ղարաբաղի հողային անլոյծ հարցը (չմոռնալ որ խնդրոյ առարկայ վէպը տպուած էր 1983-ին, այսինքն՝ դեռ չէր սկսած ղարաբաղեան ծանօթ շարժումը), ու մինչեւ իսկ կ’արծարծէ սփիւռքի հայուն ո՞ւր թաղուելու հարցը…։ Կրնայ անհեթեթ թուիլ այս վերջին պարագան։ Շատեր կտակ կը գրեն որ Հայաստան թաղուին։ Սակայն վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Ադամ, հարց կու տայ. «Բայց մի՞թէ Հայաստանը գերեզմանոց է, որ ինձ տանեն. ես ի՞նչ եմ տուել Հայաստանին, որպէսզի Հայաստանն ամփոփի իմ դին»…։
Կարապենցի հերոսները, որոնք յաճախ մտածող ու մտաւորական տարրեր են, երկար ատեն իրենց տպաւորութեան տակ կրնան պահել ընթերցողը։ Օրինակ, «Կարթագէնի Դուստրը»-ի գլխաւոր տիպարները՝ սիրահարներ Ալմիրան ու Հոմերը, երկար ժամանակի վրայ կրնան գերել մեզ (այս մասին կարդալ գրաքննադատ Հայկ Ժամկոչեանի յօդուածաշարքը Պէյրութի երբեմնի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, 11-25 Փետրուար 1973)։
Պարագան տարբեր է սակայն «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները» հատորին, որուն պատմուածքներուն տիպարները բոլորովին ա՜յլ խմոր ունին…։ Ասոնք հայ հին սերունդի վերջին ներկայացուցիչներն են։ Խոնարհ ու տագնապո՛ղ հայեր։ Ես կարապենցեան տիպարներու այս շարքը շա՛տ կը նմանցնեմ լիբանանահայ գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու Վերջալոյսը»-ի հերոսներուն։ Կարապենցի «սերմնացանները» ինչո՞վ կը տարբերին Սիմոնեանի «լեռնականներ»-էն։ Թերեւս ակնբախ տարբերութիւնը այն է, որ ճակատագիրը առաջինները նետած է հեռաւո՜ր Ամերիկա, մինչ երկրորդները կ’ապրին հայրենամերձ Հալէպի մէջ…։ Այլապէս, Կարապենցի Գոնսուլ Առաքելը, Կիլիկիոյ երազով տարուած իշխան Փիլիպոսը, օրիորդ Անթառամը, արաբկիրցի Աբգար ամին, խարբերդցի Սոսկալի Սահակը, զէյթունցի Յովնանը կամ սասունցի Սարգիսը հոգեհարազատ եղբայրներն են Սիմոնեանի Քեռի Օհանին, Քեռի Մակարին, Երկէն Արթինին, Թոփալ Սահակին, Պելաւայ Յակոյին կամ Խուլ Լուսինին…։ Բոլորն ալ տարեց արեւմտահայեր են, բոլորին ալ սիրտը կը բաբախէ նո՛յն ընդհանուր զարկերով։ Կորսուած հայրենիքին տեսլականը չի հեռանար իրենց մշուշոտ աչքերուն առջեւէն…։
Կարապենց իր նշեալ գիրքի հերոսներուն հոգեվիճակը կը պարզէ սա՛ բնութագրումով. «Կարեւորն այն է, որ Ամերիկայում գտնուելով հանդերձ՝ նրանք Ամերիկայում չեն ապրում։ Կերտել են իրենց ուրոյն պատեանը, մտել մէջը եւ ամփոփուել։ …Եւ երբ քուրայի թէժ կրակն են բորբոքել, Հայաստա՛նն են յիշել։ Քար են կրել, պողպատ են ծռել ու երգել Հայաստանը։ Տուն-տեղ են շինել եւ օրհնել Հայաստանը։ Հարսանիքի մէջ թէ թաղման ժամանակ ներկայ է եղել Հայաստանը։ Զաւակներին դպրոց ուղարկելիս՝ նրանց մէջ խօսել է Հայաստանը։ Երգել են ու պարել՝ հայութիւնը պահպանելու համար։ Հայհոյելի՛ս անգամ՝ Հայաստանի մրրիկներն են յիշել։ Այս բոլորն արել են, որպէսզի յաւերժ լինի Հայաստանը, որ անխախտ մնայ հաւատքը հանդէպ հայութեան ու Հայաստանի» («Նոր աշխարհի հին սերմնացանները», էջ 22-23)։
Այս գիրքը հեղինակին արեան տուրքն է սփիւռքի Ա. սերունդին։
Այո՛, Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու Վերջալոյսը»-ն (1968) ու Յակոբ Կարապենցի «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները» (1975) երկուորեակ հատորներ կը թուին ինծի։
Կ’արժէր որ գրականագէտ մը (կամ համալսարանական աւարտաճառ պատրաստելու թեկնածու մը) նշեալ երկու գիրքերը քով-քովի դնէր իր գրասեղանին վրայ ու լծուէր բաղդատական-գրավերլուծական աշխատանքի մը՝ ընդմէջ Կարապենցի ու Սիմոնեանի տիպարներուն։ Վստահաբար, շատ հետաքրքրական հետեւութիւններու եւ եզրակա-ցութեանց պիտի հասնէր ան։
Եւ հոս, ինքնաբերաբար, կը մտածենք թէ իրենց հայկական արմատներուն կառչած ու հայրենատոչոր այս մարդոց (սփիւռքի Ա. սերունդը) անմիջական յաջորդները ինչո՞ւ այնքան դիւրաւ օտարացան, ուծացան…։ Ինչո՞ւ նահանջը այնքան արագ թափանցեց անոնց (սփիւռքի Բ. եւ Գ. սերունդ) արեան մէջ։ Կարապենց այս մասին կը գրէ. «Հին սերունդը յուշերով է ապրում։ Միջին սերունդն ընկել է երկու քարերի արանքում։ Իսկ նոր սերունդը փարթամ բոյսի պէս մեծացել, դարձել է ամերիկացի՝ յաճախ խարխափելով իր ազգային ծագման խորհրդաւոր կածաններում։ Ու տառապում են բոլորը՝ մեծով ու պզտիկով» (նոյն գիրքը, էջ 11)։
ՃԱՆՉՆԱԼ ԿԱՐԱՊԵՆՑԸ ԻՐ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Տասնամեակներու երկայնքին Կարապենցի մասին ոչարհամարհելի քանակով այլաբնոյթ գրութիւններ տպուած են մեր մամուլին մէջ (գրախօսական, վերլուծում, հարցազրոյց, լրատուութիւն եւ այլն)։ Ապացոյց՝ Արլինկթընի Հայ Մշակ. Հիմնարկութեան կեդրոնի վարիչ՝ ամերիկաբնակ Արա Ղազարեանցի շատ գնահատելի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած ու հրատարակուած այն մատենագիտութիւնը (1999), ուր մի առ մի նշուած են թէ՛ Կարապենցի գրածները (գիրքեր կամ յօդուածներ), թէ՛ իր մասին գրուածները։
Բայց հարկ է դասաւորել ու հրատարակել Կարապենցի նամակներն ալ (ղրկուած եւ ստացուած)։ Կարապենց շատ հետեւողական, բարեկամական ու մտերիմ յարաբերութիւններ ունեցած է բազմաթիւ հայ գրողներու կամ մտաւորականներու հետ՝ նամակներ փոխանակելով անոնց հետ։ Ո՞ւր են այդ նամակներու թղթապանակները, կ’անգիտանանք։ Արդեօ՞ք ատոնք եւս իր հարուստ գրադարանին հետ միատեղ նուիրուեցան Արլինկթընի (Մեսե-չուսեց) Հայ Մշակ. Հիմնարկութեան գրադարան-թանգարանին, ուր, իմացեր ենք, թէ կեանքի կոչուեր է Կարապենցի նուիրուած առանձին սենեակ մը, արխիւային իրերով։
Յամենայնդէպս, իր մահէն30 տարի անց, այսօր, Կարապենցի նամականիին գիտական հրատարակութիւնը,և եթէ իրականանայ,և անկասկած որ նոր լոյս պիտի սփռէ գրողին կենսագրութեան, մտածումներուն եւ կեանքին թաքուն կամ անյայտ երեսակներուն վրայ, մեզի ճանչցնելով Յակոբ Կարապենցը իր մտերմութեան մէջ։ Պիտի սպասենք այդ երջանիկ օրուան։
* * *
Մինչ այդ, գրականութենէ անդին, գրողին մտերմութիւնը վայելելու ու իր մտածումներուն բացուելու համար՝ պէտք է դիմել իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցներու պատճէններուն։
Ես ընտրեցի Կարապենցի զրոյցներէն երկու հատ ու հոնկէ ջոկեցի մէկական հարցում-պատասխան, զանոնք կիսելու համար իմ ընթերցողներուն հետ։
Նախ ձեռք առի 1971-ին Պէյրութ տպուած «Անմիջական Գրականութիւն» հատորը, ուր, ի շարս այլոց, հիւրընկալուեր է Կարապենցն ալ։ Ան պատասխանելով իրեն ուղղեալ հարցումի մը, թէ ինչպէ՞ս կը գրէ, ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ կը ստեղծագործէ, կը բացատրէ.
և Չարաչար սրբագրում եմ աշխատանքս՝ ջանալով յստակացնել մտքերս։ Լինում են օրեր, երբ մէկ շնչով աւարտում եմ գործս եւ յանձնում թղթատարին։ Սակայն երբեք կատարեալ չեմ նկատում գործս. մի հանգամանք, որ շարունակ տառապեցնում է ինձ։
Ի՞նչ պայմաններում կարող եմ լաւագոյնս արդիւնաւորել գրիչս, շատ պարզ է։ Ժամանակ ու հանգիստ։ Ժամանակ՝ ապրելու ու վերարտադրելու կեանքը։ Հանգիստ՝ ամբողջ էութեամբ կենդրոնանալու եւ նուիրուելու արուեստին։
Նախքան ուղղակի գրելը, ամիսներ շարունակ մտովին «գրում եմ» նիւթը, նոյնիսկ կէտադրութիւնը։ Գրելը ինձ համար տառապանք է, որովհետեւ ահռելի մենութիւն եմ ապրում։ Երբեմն ամբողջ աշխատանքը անհեթեթ է թւում ինձ։ Զարմանում եմ, երբ գործս կարդացողներ եւ նոյնիսկ սիրողներ են լինում։ Գրում եմ կատարեալ կենտրո-նացումով, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս ապրելով տիպարներիս ու հերոսներիս կեանքը։ Գրում եմ տառապանքով ու երկունքով, ուստի՝ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ։ Գրելուս միակ հաճոյքը ստեղծագործելու պահն է։ Նրանից յետոյ գրուածքը այլեւս ինձ չի պատկանում։
Գրողին վերի նշումներուն մէջ կան ուշադրութեան արժանի բազմաթիւ կէտեր։ Բայց ամէնէն ընդգծելին գրողական աշխատանքին նկատմամբ Կարապենցի ցուցաբերած բծախնդրութիւնն է, կատարեալին հասնելու ձգտումը, պատասխանատուութեան զգացումը։ Նաեւ՝ միտքերը յստակացնելու ճիգը, որ շա՛տ կարեւոր պարագայ մըն է։
Որպէս երկրորդ աղբիւր, դիմեցի «Բագին» ամսագրի 1985-ի Նոյեմբերի թիւին, ուր բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան (այժմ՝ Մոնրէալ) ընդարձակ զրոյց մը ունի Կարապենցի հետ։ Զրոյցը կ’ընթանայ փօլատեանական ոճով (նկատի ունիմ ֆրանսահայ վիպագիր Կարո Փօլատեանի նշանաւոր «Զրոյց»-ները երեւելի դէմքերու հետ)։ Կարապենց կը պատասխանէ իր գրականութեան վերաբերեալ տարաբնոյթ հարցումներու, կը կատարէ պարզաբանումներ։ Տեղ մը ան կը գանգատի որ ճարտարարուեստականացած արդի քաղաքակրթութիւնը մարդս հեռացուցած է ընկերային կապերէ ու զայն գերի դարձուցած… պատկերասփիւռին (նկատի ունի ամերիկեան միջավայրը)։ Կարդա՛նք.
և Նա տնից դուրս գալու պէտք չունի։ Հեռուստացոյցի լուսապաստառը օրուէլեան Մեծ Եղբօր պէս նրան կապում է աշխարհի հետ, աշխարհի այն լարերի հետ, ուր գերհզօր ընկերութիւնները տափակ հեքիաթների միջից նրան ծախում են ահագին շտեմարաններում կուտակուած իրենց անպէտք ապրանքները։ Նա այնքան կլանուած է դիմացի տուփի մէջ տեղի ունեցող կեանքով, որ մոռացել է իր սեփական կեանքը։ Կնոջ հետ չի խօսում, ոչ էլ զաւակների։ Մարդկային հաղորդակցութիւնը կտրուել է։ Հեռաձայնով խօսում է մէկի հետ, որի դէմքը այլեւս չի յիշում։ Դուրս է գալիս կանաչ արուարձանի իր փողոցը։ Մարդ-մարդաստան չկայ։ Ամէն ոք Թի-Վի է դիտում։ Ճարահատ, խօսում է դրացու շան հետ, որը մէկ ոտքը բարձրացնելով միզում է նրա տափատի վրայ։ Առաւօտեան ինքնաշարժը նստում, գործի է գնում, երեկոյեան ինքնաշարժը նստած տուն վերադառնում։ Ճամբին ոչ մի դէպք, ոչ մի հայեացք, կրքերի բախման ոչ մի պատեհութիւն։ Իր կարդացած վերջին գիրքը Մարք Թուէյնի «Հաքըլբերի Ֆին»-ն է, այն էլ դպրոցական տարիքում՝ Միսիզ Հինքընլուփըրի յորդորով։ Ժամանակ ու տրամադրութիւն չկայ գիրք կարդալու։ Թերթերը նոյն բանն են ասում։ Աչք է բացում, զաւակները մեծացել, խորթացել, իրեն չեն ճանաչում, ոչ էլ ինքը՝ զաւակներին։ Կինը յանկարծ թառամել է, շարունակ գլխացաւ ունի։ …Հեռուստացոյցի տուփը բեմադրում է մի բան, որը որեւէ առնչութիւն չունի իր հետ, իրական կեանքի հետ, իր ունեցած որեւէ փորձառութեան հետ։
Եւ ահա այսպէս՝ մարդս կը դառնայ մինա՜կ, աննպատա՜կ, աներա՜զ եւ անկի՛րք…։
Բայց արդեօք ի՞նչ պիտի մտածէր Կարապենց, եթէ հասնէր մե՛ր օրերուն՝ համացանցի, առձեռն հեռաձայններու, «այ-փէտ»-ներու եւ միւս հրաշալիքներու դարաշրջանին։ Հաղորդակցական մարզի նոր ու կատարելագործեալ գիւտերը աւելի՛ ու աւելի՛ մեկուսացուցին մարդանհատը՝ 7 տարեկան երեխաներէն ու պատանիներէն սկսեալ մինչեւ 70 տարեկան թոշակառուները…։
ԲԱԽՏԱՒՈ՜Ր ԿԱՐԱՊԵՆՑ
Ճանչնալէ ետք գրող մը իր վաստակով, իր կեանքին ուղիով ու իր մտերմութեան մէջ, երբեմն հարց կու տամ ես ինծի, թէ ան բախտաւո՞ր անձ մը կը սեպուի, թէ՞ տարաբախտ էակ մը…։
Կարապենցի առիթով ալ ուղղեցի նոյն հարցումը։ Եւ պատասխանս եղաւ յստակ ու մեկին. Յակոբ Կարապենց բախտաւոր գրող մըն է՝ հակառակ իր յարաբերաբար կանխահաս մահուան։
Անշուշտ, ա՛ն ալ ունէր իր կարգ մը դժգոհութիւնները. թերեւս ապրեցաւ որոշ դառնութիւններ, ունեցաւ ցանկութիւններ, որոնք չիրականացան…։ Այնուհանդերձ, բախտը առ այսօր կը ժպտի Կարապենցին…։
Հանգիստ ու խաղաղ պայմաններու մէջ առատօրէ՜ն ստեղծագործած է Կարապենց։ Բախտաւորութիւն է այս։ Հետեւաբար մեծղի է իր վաստակը։ Ստորագրած է 900-ի չափ անգլերէն ու հայերէն յօդուածներ, շուրջ 90 պատմուածք եւ երկու վէպ։
Մահէն անմիջապէս ետք Երեւանի դպրոցներէն մին արդէն իսկ վերակոչուած է իր անունով (1995-ին)։
Իր պատմուածքներէն փունջ մը անգլերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած է առանձին հատորով (Return and Tiger, թրգմ.՝ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի, 1995)։ Իրմէ անգլերէն այլ հատոր մըն ալ (այս անգամ՝ ինքնագիր, գրուած՝ 1950-ականներուն) լոյս ընծայուած է 2007-ին (Widening Circle and Other Early Short Stories)։
2020-ին, Կարապենցի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ, Իրանի մէջ լոյս տեսած են պարսկերէնով երկու գիրքեր իրմէ։ Մին Անդրանիկ Խեչումեանի թարգմանութեամբ «Ադամի Գիրքը» վէպն է, իսկ միւսը՝ պատմուածքներու ընտրանի ժողովածու մը (թրգմ.՝ Արմենոյշ Առաքելեանի)։ Այսպիսով, Կարապենցի գրականութիւնը հասու դարձած է իր ծննդավայրին մէջ, տեղական լեզուով։
Հալէպէն Թորոս Թորանեան, տարիներ առաջ, մենագրութիւն մը գրած ու հրատարակած է Կարապենցի մասին («Հայ Գրականութեան Խշշացող Բարտին», 2006)։ Նոյնը կատարած է Արցախի համալսարանի դասախօսուհի Նանար Սիմոնեան, որուն մենագրութիւնը մաս առ մաս տպուած է «Հորիզոն Գրական»-ի մէջ, քանի մը տարի առաջ (2019 Նոյեմբերէն մինչեւ 2020 Մայիս երկարող թիւեր)։
Կարապենց թատերգութիւն չէ գրած, սակայն իր «Ադամի Գիրքը» վէպէն որոշ բաժիններ, որոշ տպաւորիչ պատկերներ Սեդօ Կոճամանեանի ղեկավարութեամբ թատերականացուած ու բեմադրուած են Թեհրան, 2005-ին։ Տարիներ ետք, նոյն վէպէն բաժիններ բեմականացուած է Լոս Անճելըսի մէջ ալ (2016), Արման Սարվարեանի բեմադրութեամբ։ Չմոռնանք յիշեցնել, որ «Ադամի Գիրքը» անգլերէնի ալ թարգմանուած է Արա Ղազարեանցի կողմէ։
Գրողին փափաքով՝ յետ մահու (2000-էն) գործել սկսած է իր անունը կրող ուսանողական հիմնադրամ մը, Համազգայինի հայաստանեան գրասենեակին հովանաւորութեամբ։
Երեւանի մէջ, 2021 Սեպտեմբերին, Համազգայինի ու պետ. համալսարանի համագործակցութեամբ կայացած է Կա-րապենցի նուիրուած գիտաժողով մը, ուր այլազան զեկոյցներ կարդացուեր են գրողին կեանքին ու վաստակին մասին։ Այդ զեկոյցներն ալ, յաջորդ տարի, լոյս ընծայուեր են առանձին հատորով մը։
Կը տեսնէք, որ Կարապենց շարունակ յիշուած է, արժեւորուած, ծանօթացուած։
Բախտաւո՜ր գրող։
* * *
Իմ այս յօդուածը փակելէ առաջ, գրադարանէս վար առի Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեանի «Սփիւռքահայ Արդի Գրա-կանութիւն» երկին Բ. հատորը (Միշիկըն, 1994), ուր հեղինակուհին հարցումներ ուղղած է կարգ մը գրողներու, այդ շարքէն՝ Յակոբ Կարապենցի ալ։ Հարցումներէն մին արեւմտահայերէնի անմխիթար վիճակին ու ապա-գային մասին է։ Կարապենց կը պատասխանէ.
և Յոռետես եմ։ Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է։ Գնալով խաթարւում է լեզուն։ Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանից զատ (նկատի ունի այդ շրջանին գոյութիւն ունեցող Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, որ յետոյ փակուեցաւ անշուշտ- Լ.Շ.) հայերէնագիտական այլ լուրջ հաստատութիւն չունենք։ Պէտք է վերակառուցել Քալիֆորնիայի Լա Վերն քոլէճում գտնուող Հայկական Միջազգային Ճեմարանի կրթական ծրագիրը՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար (այդ հիմնարկն ալ, զոր
կը ղեկավարէր տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, փակուեցաւ աւելի ուշ… – Լ.Շ.)։ Անհրաժեշտ է նաեւ Միացեալ Նահանգների արեւելեան ափում հայկական մի ճեմարանի հիմնադրումը՝ սպասարկելու համար Ամերիկայի ու Քանատայի հայ սերունդներին։ Դպրոցի հետ զուգընթաց՝ լեզուն մշակւում է նաեւ մամուլում։ Դժբախտաբար, շատ քիչ բացառութեամբ, սփիւռքահայ լրագրերն ու պարբերականները կորցրել են իրենց երբեմնի պատասխանատու ու բծախնդիր մօտեցումը լեզուի նկատմամբ։ Հայերէնը աղաւաղւում է մամուլում, երբեմն նոյնիսկ այլանդակութեան հասնելով։ Ամերիկահայ դպրոցները աւելի քան 25-ամեայ գործունէութիւնից յետոյ տակաւին ոչ մի գրող, ուսուցիչ, լրագրող, կամ խմբագիր չեն տուել։ Պատնէշի վրայ գտնուող մտաւորական ներկայ սերունդը մնալու է որպէս վերջին մոհիկանը, եթէ համընդհանուր ծրագրուած ջանքեր չթափուեն։
Կարապենցի վերի տողերուն մէջ ուշագրաւ է իր ցանկութիւնը՝ հայկական ճեմարան մը տեսնել Ամերիկայի արեւելեան ափին։
Սի՜ն երազ…։
Ամերիկայի արեւելեան ափը, որ, է՜ր երբեմն, հայ մտաւորականութեան ու հայատառ մամուլի ամէնէն կարեւոր օջախներէն մին, 70-80-ական թուականներէն ասդին շարունակ ենթարկուեցաւ անկասելի սահանքի մը։ Մտաւորականութիւնը չքացաւ, հայախօսութիւնը նահանջեց, հայ թերթերը դադրեցան (ինչպէս՝ Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ»-ը, «Հայրենիք» ամսագիրը, հնչակեաններու «Երիտասարդ Հայաստան»-ը) կամ տկարացան («Հայրենիք» եւ «Պայքար» օրաթերթերու ծանօթ խարխափումները…)։ Այնքան խանդավառօրէն կեանքի կոչուած հայկական դպրոցները յաճախ չյաջողեցան արդարացնել իրենց գոյութիւնը. անոնցէ ոմանք ստիպուեցան փակել իրենց դռները, ինչպէս՝ Պոսթընի ՀԲԸՄ-ի վարժարանն ու Նիւ Եորքի Կիլիկեան Թեմի ամէնօրեայ դպրոցը։ Այսօր, արեւելեան ափի վրայ կը գործեն 5 հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ, բայց թէ բանաւոր ու գրաւոր հայերէնը ի՞նչ տեղ ունի հոն՝ թող պատասխանեն… նիւ-եորքցիները։
Կարապենց դեռ երկար ատեն խօսիլ պիտի տայ իր մասին…։
Լեւոն Շառոյեան