Միջազգային պատմութիւնը, մինչեւ 14-րդ դար, կօշիկի զարգացման մասին ոչինչ ունի հետաքրքրական, բացի հռոմէական փորձէն։ Հռոմէացի սպան սովորաբար կը կրէր մինչեւ ծունկերը երկարող կապերով խարուկը (սանտալ), որպէս զինուորական աստիճան: Երբ ազնուական դասակարգը սկսաւ ըմբռնել կօշիկի անհրաժեշտութիւնը, կօշիկը 15-րդ դարուն աւելի ընդունելութիւն վայելելով դարձաւ ազնուական դասակարգի շնորհը, որ տրուած կ’ըլլար օրուան իշխանին կողմէ:
Ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին զարգանալով, 16-րդ դարէն
կը սկսի գործածուիլ կրունկը՝ կաշիին կեանքը երկարելու, կօշիկը աւելի հանգստաւէտ դարձնելու եւ աւելի հաստատ քայլ ապահովելու ակնկալիքով: Այնուհետեւ Եւրոպայի մէջ կօշկակարութիւնը կը դառնայ ուրոյն արհեստ մը: Շատ դանդաղ զարգացումէ մը ետք, 18-րդ դարու վերջերը Նափոլիոն կը մտածէ աւելի աժան եւ յարմար կօշիկներ ստեղծել իր զինուորներուն համար։ 1812-ին անգլիացիք եւս կը մտածեն իրենց զինուորները օժտել կօշիկով, որմէ ետք Անգլիոյ կողմէ 19-րդ դարուն
կը սկսին կօշիկի արտադրութինը մեքենայացնելու ջանքերը, որոնք
կը համալրուին 20-րդ դարու շեմին: Կը սկսի գործածութիւնը մասնագիտական կօշիկներու, եւ կը բազմանայ կօշիկներու տեսականին՝ յառաջացնելով կօշիկ գործածելու միջազգային ճաշակ ու համոզում։ Միջազգային պատմութիւնը այսպէս կ’ամփոփէ կօշիկի զարգացումը, աւելի հետաքրքրական են, սակայն, ժողովուրդներու իւրայատուկ փորձերը։ Օրինակ՝ օգտաւէտ է իմանալ հայկական փորձը:
Հայ ազգը անյիշատակելի ժամանակներէ կարեւորութիւն տուած է ոտքերու առողջութեան, մաքրութեան եւ փորձած է պաշտպանել զանոնք ցուրտէն, փոշիէն եւ կարծր քարէն, որուն լաւագոյն փաստը կը մնայ Արէնի քարանձաւներուն մէջ գտնուած կօշիկը, եւ որուն տարիքը գնահատուած է (5500 – 6000) տարի: Աւելին. հայը միշտ ալ իր աստուածները պատկերացուցած է կօշիկով, պաշտպանուած ոտքերով, օրինակ՝ հին հեթանոսական քանդակները ու արձանները։ Վահագն՝ ռազմի, յաղթանակի, ամպրոպի եւ կայծակի գերագոյն աստուածը մեզի
կը ներկայացնեն ոտնամաններով, մինչդեռ յունական հին աստուածները քանդակուած ու պատկերուած են բոկոտն ու մերկ ոտքով: Այս պատճառով ալ կօշկակարութիւնը հայերու մօտ եղած է հնագոյն արհեստներէն մէկը ու վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն ( «Քաղաքները եւ Արհեստները Հայաստանում 9-րդ – 13-րդ դ.դ.»):
Հայ մարդու ոտքերուն միշտ ալ եղած են զանազան տեսակի ոտնամաններ՝ օրուան ընթացքին, պատերազմի, երկար ճամբորդութեան կամ ցուրտին ու սառնամանիքին դէմ պաշտպանող: Հայու մօտ կօշկակարութիւնը եղած է երիտասարդ, զարգացող ու նորոգուող արհեստ մը. եւ քանի որ Հայաստանը գտնուած է մետաքսի ուղիներուն ու դարձած գլխաւոր հանգոյցներէն մէկը, հայ արհեստաւորը հետեւած ու արագ ընկալած է Եւրոպայի զարգացող ոճերը: Եւ արդէն (18-19-րդ) դարաշրջաններուն հայկական քաղաքները եւ հայ սփիւռքը օժտուած էին բարձր որակի ու բազմատեսականի արտադրութեամբ զբաղող կօշկակարներով: Եթէ օրինակ վերցնենք հայկական քաղաքներէն որեւէ քաղաք, ինչպէս Երզնկան՝ նման Վանի, Մուշի, Խարբերդի, Էրզրումի, Պոլսոյ եւ սփիւռքէն՝ Հալէպի, կը տեսնենք որ Երզնկան 19-րդ դարուն
կը յատկանշուէր իր զարգացած կօշկակարութեան արհեստաւորներով, որոնք կ’աշխատէին կօշիկի զանազան մասնագիտութիւններով: Երզնկայի մէջ կօշկակարութիւնը բաւական տարածուած արհեստ մըն էր, բաժնուած էր երկու կարգի, առաջինը՝ գոնտուրաճի, որ տեղական կաշիէ
կը պատրաստէր կօշիկը, իսկ երկրորդը՝ նուրբ կօշիկներու կօշկակար, որ
կը պատրաստէր ինչպէս մոյկ (ճիզմէ), կօշիկ (փօթին), կիսակօշիկ (սքարպին), վերնակօշիկ, կրկնակօշիկ, որոնք կը պատրաստուէին եւրոպական ընտիր եւ գոյնզգոյն կաշիներով: Կը պատրաստուէին նաեւ կնոջական եւ այրերու ձմեռնային ցեխի ու խոնաւութեան դէմ պաշտպանող կօշիկներ: Եւրոպական կօշիկներու կօշկակարներէն Երզնկայի մէջ նշանաւոր էին՝ Սանդիկեան, Թադէոսեան, Սիւրմէնեան եւ վերջապէս Սարաֆեան Մոյկի մասնագէտները: Այլ մասնագիտութիւն էր եմէնիճիութիւնը՝ կօշկակարութեան յարակից արհեստ մը, որ կը պատրաստէր հողաթափներ, տրեխ (եմէնի), մաշիկ եւ խարուկ (սանտալ)՝ տեղական կաշիներէ: Կային փայտէ սօլեր (քապքապ) պատրաստողներ: Կօշիկը այնքան հարազատ էր, որ աւանդութիւն էր հարսի ու փեսայի օժիտին մէկական զոյգ նախշապատ հողաթափներ զետեղելը:
Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Հալէպ 15-րդ դարուն դարձաւ վաճառականութեան մեծ ոստան մը մետաքսի ուղիներուն եւ յատկանշուեցաւ որպէս Միջին Արեւելքի շահաստանը, ուր կը գտնուէին զանազան ազգերէ ժողովուրդներ, բազմալեզու շուկայ, արեւելեան ու արեւմտեան ճաշակներու միաձուլում: Հայ շինականին համար պատեհ առիթ էր գալ Հալէպ պանդխտութեան, քիչ մը դրամ վաստկիլ ու վերադառնալ հայրենիք, ոմանք ալ նախընտրաբար կը հաստատուէին նոր միջավայրին մէջ: Անոնք Հալէպ հասնելով կ’աշխատէին որոշ արհեստներ, ինչպէս՝ ոսկերչութիւն, հացագործութիւն, գոհարագործութիւն, դերձակ եւ կօշկակար. արհեստներ, որոնք դարձան հայու մենաշնորհը Հալէպի շուկաներուն եւ նկատի առնելով, որ անոնք կը բաւարարէին նորաոճ պահանջքը, հայ կօշկակարները Հալէպի մէջ հիմնադիրը եղան եւրոպական կօշիկներու պատրաստութեան՝ ներմուծելով նոր արհեստ մը Հալէպի շուկային: Գտնուեցան կօշիկի խաներ ու կօշիկ պատրաստող քայսարիներ (Թրապ ալ-Ղուրապա): Այսպէս Հալէպ դարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ եւրոպական կօշիկներ պատրաստող կեդրոն մը։ 1905 թուականին Յովհաննէս Տապպաղ կը հիմնէ կաշեգործութեան եւրոպական գործարան մը Ֆէյտ շրջանին մէջ: Կը ստեղծուի եւրոպական կօշիկի գործածութեան ճաշակ, ու եւրոպական կօշիկի միջազգային մեծ ընկերութիւններ կը շտապեն Հալէպի շուկաներուն մէջ ներկայութիւն հաստատելու, ինչպէս չեխական Թոմաս Փաթթա բազմաճիւղ ընկերութիւնը: Հալէպ կ’ապրի կօշկակարութեան արհեստի բարքի տարիները: Ցեղասպանութենէն Հալէպ հասած որբեր եւ աղէտեալներ հայկական հիւղակներու (քեմփ) առջեւ նստած կօշիկներ կը պատրաստեն, կը հաստատուին արհեստի դպրոցներ, ուր կը սորվեցնեն կօշկակարութիւն։ Հալէպ կ’ունենայ նոյնիսկ արուեստագէտ կօշիկի ոճ ու ճաշակ ծրագրողներ. օրինակ՝ յիշատակի արժանի է «մոտելիսթ» Անդրանիկ Պարոնեան (1960, Թիլէլ): Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեծ վէրքեր թողած էր՝ բազմաթիւ հաշմանդամներ կարիքը ունէին արուեստական անդամներու։ Հայ կօշկակարը Հալէպի մէջ կը հիմնէ արուեստական ոտքեր եւ մասեր պատրաստելու արհեստը, որուն համբաւաւոր արհեստաւորներն են՝ Ասատուր եւ Գառնիկ Շահուեքիլեան (1916 Պոսթան Քուլապ). եւ աւելի ուշ բժշկական կօշիկներ պատրաստելու արհեստը, որուն ներկայացուցիչն է՝ Սարգիս Թէնէքէճեան (1960 Թատրիպէ): Նոյնիսկ հայ մարզական կեանքի աշխուժութեան համար 1947-ին, Սարգիս Առաքելեան կը պատրաստէ ոտնագնդակի յատուկ մուճակներ:
ճարտգ. Կարպիս Մինասեան







