Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ընդհանուր վարիչ մարմնին, կազմակերպութեամբ միութեան «Արցախ» մասնաճիւղի վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն, Ուրբաթ, 30 Յունուար 2026-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին աւանդական տարեկան ձեռնարկը, «Կարպուշեան» սրահէն ներս։
Ձեռնարկին ներկայ էին` Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւը, Լաթաքիոյ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան ընդհանուր վարիչ մարմնի ներկայացուցիչը, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Յայտագիրը կ՚արտացոլէր պատանիներուն տարեկան ծաւալուն աշխատանքը, որ կերտած անոնց ընկերային ոգին եւ ամրագրած ազգային արժանիքները, պատրաստելու գիտակից եւ աշխատասէր պատանիներ։
Ժրաջան պատանիները դաստիարակներուն կողքին, բծախնդիր աշխատանք տանելով ճիգ չխնայեցին յաջողեցնելու ձեռնարկը, որուն ծրագիրը Դեկտեմբերէն ի վեր կը պատրաստուէր վարիչ կազմի կողմէն։
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սաղտճեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ պատանին նոր սերունդն է, անոր կոչումն է` վառ պահել հայ լեզուն, մշակոյթը եւ գիտակցիլ ինքնաշխատութեամբ պատուաբեր կեանք կերտելու կարեւորութեան։
Գեղարուեստական յայտագիրով բեմ բարձրացան խումբ մը պատանիներ, որոնք ներկայացուցին բացման պատկերը, որ կ’ընդգրկէր հայկական պար եւ բարի գալուստի մաղթանք։
Այնուհետեւ երրորդ կարգի պատանիները ասմունքեցին «Արցախն ու Հայը» քերթուածը։
Յաջորդաբար աւարտական կարգի պատանիները` տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուցին պատմական տեղեկութիւններ, յիշարժան դէմքեր եւ սխրալի դէպքեր։
Ապա 5-րդ կարգի պատանիները ասմունքեցին Աւետիք Իսահակեանի «Վեր Կաց, ժողովո՛ւրդ» եւ « Մեր Ճակատագիր» քերթուածները։
Պատուոյ հիւրը՝ Վրէժ Գարամարտեանն էր, որուն ներկայութեամբ պատանիները խոստացան ըլլալ տիպար ու գործունեայ երիտասարդներ, ծառայելու իրենց համայնքին ու միութեան։
Այնուհետեւ պատանիները խմբուած ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը։
Փակման պատկերը՝ հայկական ճոխ պար մըն էր, զոր ներկայացուցին խումբ մը պատանիներ եւ ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։
Հանդիսութեան աւարտին վարչութեան ատենապետը հրաւիրեց քահանայ հայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքը արտասանէ։ Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն գնահատեց իրենց տարած աշխատանքը, շեշտելով որ իրենք են վաղուան օրինակելի հայ երիտասարդները։ Աւարտին ան գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպողներն ու պատանիները։

Հանդիսութեան վերջ գտաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Նայիրի Պետրոսեան
Լաթաքիա