Ա.

-Վայր՝ Լոս Անճելոս

-Ժամանակ՝ մեր օրերը

−Օ՜ մայ կատ, Յակո՛բ, ի՞նչ եղար, ի՞նչ ունիս:

Կինը կը ցնցէր զինք, փորձեց պատասխանել, շրթները փակուած էին, ուզեց բանալ աչքերը, շարժել ձեռքերը… բայց մնաց քարացած, տարածուած անկողինին վրայ:

Կինը տագնապած շտապ օգնութիւն կանչեց: Զանգեց զաւակներուն, որոնք միշտ զբաղած էին ու թելադրեցին դիմել տան բժիշկին:

Փորձեց հանգստացնել կինը, վաթսունհինգ տարի միատեղ կեանք ապրած, սիրով սկսած ու յարատեւող ճանապարհ էին քալած: Միջին Արեւելքէն բարեկեցիկ,խաղաղ կեանքի հեռանկարով հասած էին այս ափերը ու պէտք է խոստովանիլ, որ նիւթապէս բարւոք վիճակով կ’ապրէին, նոյն անխաթար սիրով, փոխադարձ յարգանքով: Երեւութապէս մտահոգուելու բան չկար, զաւակները գնահատելի վկայականներով նախանձելի պաշտօններ ունէին։ Աղջիկը ամերիկացի ամուսին ու երկու աղջիկ զաւակ ունէր, տղան մեքսիքացի կին ու խառնածին, ամերիկեան քաղաքացիական պատկանելութեամբ հպարտ երկու տղայ:

Երեւութապէս՝ ամէն ինչ «օքէյ» էր:

Երկու օր առաջ աղջիկը առջինեկին` Քէյթին հետ այցելեց, ուրախացան… Թոռնուհին՝ քզքզուած տարօրինակ գոյնի մազերով ու պատռտած ճինզով նետուեցաւ տիւանին վրայ, «Հելլօ»-էն ետք խորասուզուեցաւ ձեռքի հեռախօսին մէջ: Աղջիկը իր հարցական նայուածքին.

−Օ՜ գամ ան, տա՛տ, լայֆ իս նաու տիֆրընթ (Օ՜, հայրի՛կ, կեանքը ներկայիս տարբեր է),− ըսաւ այնպիսի եղանակով, որ ըսել կ’ուզէր, «գոհ եղի՛ր, բարեհաճեր է գալ հետս»:

Կինը խոհանոցի դրան մէջէն աչք-ունքով նշան ըրաւ՝ զսպուածութեան հրաւէրով ու կանչեց «տարլիկ Քէյթին» անուշապուրը համտեսելու:

Ինք չխօսեցաւ այլեւս, ծրարի մէջ դրաւ հինգհարիւր տոլար, որպէս նուէր համալսարան յաճախելու պատրաստուող թոռնուհիին:

−Օ՜, կրանփա՛, թանքս,− վիզը պլլուեցաւ թոռնուհին:

Ուրախալի էր պահը, այս երկրի դաստիարակութիւնը ստացած մարդիկ ամէն ինչ նիւթականով կը գնահատէին եւ ինչու չէ՝ ստամոքսով:

−Կրէնմա՛, ա-ա-անուշապորը ուազ սօ տէլիշըզ, այ լաւ արմինեան անուշներ անտ լաւ իու պոթ (մեծ մայրիկ անուշապուրը շատ համեղ էր, ես հայկական քաղցրեղէնը կը սիրեմ եւ ձեզ ալ կը սիրեմ) .− ըսաւ թոռնուհին:

−Տաթս օլ (այս է բոլորը), − եզրափակեց կինը, հրաժեշտ տալէ ետք զաւկին ու թոռնիկին, աչքերուն մէջ արցունք կար:

Այդ արցունքը յորդած էր շաբաթ մը ետք իրենց բարեկամուհիին աղջկան ամուսնութեան օրը: Փեսացուն հայ էր ու հարսանիքը հայկական:

−Մենք այս բախտին չարժանացանք, Յակո՛բ..․  ջանք չխնայեցինք..․ բայց..․

Ինք գլուխը շարժելով խորունկ «Է՜հ»-ով մը ամփոփեց:

Յիշեց առաջին անգամ երբ հանդիպեցաւ Սեդային՝ իր կնոջ, համալսարանականներու հաւաքին: Ինք ճարտարապետական ճիւղի չորրորդ կարգի առաջնակարգ ուսանող էր: Ան պիտի հետեւէր հիւանդապահական դասընթացքներուն:

−Չյիշեցի՞ր զիս, քեզի հետ հարցազրոյց ըրած էինք,− ըսաւ ամենաքաղցր ժպիտով:

Փորձեց յիշել… աղօտ պատկերը կը տանէր զինք Ճեմարանի գրադարանը, ընկերուհիներով շրջապատուած պատանի-կենսուրախ աղջիկն էր, նոյն քաղցր ժպիտով: Ինք որպէս Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտ միւսներուն հետ շփում չունէր, միակ մտահոգութիւնը լաւ արդիւնքի հասնիլն էր, հայրը մեծ զոհողութիւններով կը փորձէր ապահովել ուսման ծախսերը:

Յետոյ մտերմացան, ուսման հեւքին կողքին զգաց, որ սիրտն ալ հեւք ունէր..․ Սեդան համեստ, աշխատասէր աղջիկ էր… անշուք ամուսնութիւն, ճամբորդութեան ծրագիր, զաւակներ, անխոնջ աշխատանք ու տարիները թաւալեցան:

Պատկերները սահեցան: Ուզեց բռնել կնկան ձեռքը ու շատոնց մոռցուած քաղցր նախադասութիւն մը ըսել… մարմինը քուրջի նման էր, անդամները անհնազանդ շնիկներու նման, չէին անսար իր թելադրանքներուն:

Մարմինը պատգարակին վրայ էր: Շտապ օգնութեան մեքենային շչակը սուլեց, կինը կը պնդէր նստիլ կողքին, կը համոզէր հիւանդապահուհին ու երիտասարդ բժիշկը, որոնք կը փորձէին հանգստացնել…

−Փլիզ, փլիզ,− կը թախանձէր կինը:

Տեղի տուին, երբ խոստացաւ լուռ նստիլ մեքենային ներսի անկիւնը:

Հիւանդապահուհին բռնեց զարկերակը ու դարձաւ երիտասարդ բժիշկին երէցի հեղինակութեամբ:

−Պիտի միացնեմ թթուածինը:

Լայն շունչ մը քաշեց, ուզեց բարձրացնել գլուխը ու նայիլ կնոջ կողմը, անկարելի էր, կարծես աքցանով կապած էին զինք:

−Թթուածինը օգնեց շնչելու,− լսեց հիւանդապահուհիին ձայնը, որ խլացաւ շտապ օգնութեան մեքենայի սուլոցին մէջ: Միշտ ալ ատած էր այս անիմաստ, տագնապեցնող սուլոցը: Մարդիկ կը սիրեն ահազանգ հնչեցնել ու լռել իսկական ահազանգի անհրաժեշտութեան պարագային:

−Ուղեղի կաթուած,− գլխաւոր բժիշկն էր:

−Օ՜ մայ կատ,− կինն էր:

Մթութիւն…

Բ.

-Արաբիոյ անապատ

-1915 թուական

Փոքրիկ աղջնակը բռնած էր մայրիկին ձեռքը, ընտանիքի միւս անդամները չկային:

Կը քալէին քարաւանին հետ, արեւ էր, կիզիչ արեւ, ծարաւ էին, անօթի, կը քալէին…

Յանկարծ հրացաններ պայթեցան:

−Չէթէնե՜րը, ահազանգի նման հնչեց ահաբեկուած կիներուն կանչը:

Սարսափէն անշարժացած աքսորեալները կ’իյնային, մօրը ձեռքի սեղմումը թուլցաւ.

−Տիրուհի՛, աղջի՛կս, փախիր եթէ կրնաս, − շշնչաց ու տարածուեցաւ արիւնով շաղախուած աւազներուն վրայ:

Տիրուհին ծունկի եկաւ, մօրը արիւնով օծեց դէմքը ու սեղմուեցաւ անոր կողքին:

Չէթէները հրէշային աղաղակներ արձակելով սկսած էին դիակները խոշտանգել, դրամ ու ոսկի փնտռել: Աղջնակը սողոսկեցաւ մօր դիակին տակ:

Երբ տիրեց կատարեալ լռութիւն, Տիրուհին կամացուկ շարժեցաւ, մօրը դիակին տակէն դուրս գալով նստաւ կողքին, տեսարանը ահաւոր էր…

Արիւն ու մահ… սարսափէն արցունքները ցամքած էին, ձայնը փախած կոկորդէն: Շօշափեց մօր պատառոտած հագուստը, գօտիին ծալքին մէջ կտոր մը ցամաք հաց կար, վերցուց ու անհագօրէն ծամեց:

Արեւը կը փախչէր դէպի հորիզոն, գերբնական մղումով ցատկեց ոտքի.

−Տիրուհի՛, աղջի՛կս, փախի՛ր եթէ կրնաս,− ականջին մէջ մօրը շշնչոցն էր:

Վազեց ամբողջ ոյժով, հեռուէն շուքեր նկատեց, շփոթած կանգ առաւ, ուզեց պահուըտելու տեղ փնտռել..․ արդէն ուշ էր, երկու կին ու տղամարդ մը հասած էին իր մօտ:

−Եա՜ հարամ (մեղք),− ըսաւ գլուխը ծածկած կիներէն մէկը ծամելով լաչակին ծայրը:

Ան մօտեցաւ, բռնեց իր ձեռքը, ափը տաքուկ էր, աչքերուն մէջ հիւրընկալ ժպիտ կար: Լուռ ու հնազանդ քալեց անոր հետ դէպի մօտակայ հովիտը, ուր վրաններ կային:

Պետեւի կինը որդեգրեց Տիրուհին, անուանեց Ֆաթմա…

Ապրեցաւ հոն, վրանաբնակ արաբ ցեղախումբին մօտ, փորը կուշտ էր, տեղը ապահով: Բայց չմոռցաւ…

Ուղեղին մէջ դաջուած էին մօր պատկերը ու քնքոյշ եղանակ մը, մինչ դէմքին վրան դաջուեցան կանաչ անորոշ նախշեր, պետեւի կնոջ պարտադիր զարդարանք նախշերը, որոնք Տիրուհին պիտի կրէր մինչեւ կեանքին վերջը:

Յետոյ հովիտի մօտակայ ջուրը ցամքեցաւ, հաւաքեցին վրանները ու գացին իրենց ցեղակից շէյխին հովիտը, ուր աւելի առատ ջուր կար:

Կողքի վրանին մէջ կար սեւաչեայ պատանի մը Ահմետը, ան գաղտագողի կը դիտէր օրէ օր հասակ նետող Ֆաթման, լայն ապային տակէն անոր ծլարձակող կուրծքն ու փայլուն մորթը կը հմայէին զինք:

Ֆաթման քաղցր ձայն ունէր, երբ առանձին կը մնար, կ’երգէր մօրը երգը, բառերը չէր յիշեր, մեղեդին էր կախուած ուղեղի խորշերուն մէջ… Ահմետ լսեց այդ մեղեդին եւ օր մըն ալ քաջութիւնը  հաւաքելով մօտեցաւ վրանի մուտքին:

−Ֆաթմա այդ երգը.. այդ երգը… ու ինք եւս երգեց:

−Մօրս երգն է,− ըսաւ Ֆաթմա շուարած:

−Դուն ալ հայ ես ուրեմն,− իմ անունս Արամ է,− փսփսաց Ահմետ:

Հանդիպեցան ու միասին երգեցին, Ահմետ գիտէր երգին բառերը ամբողջութեամբ.

«Սարերի հովին մեռնեմ…»:

Ֆաթման որդեգրող կինը որոշած էր իր քրոջ տղուն հետ ամուսնացնել գեղեցիկ այս աղջիկը, երբ նկատեց Ֆաթմայի ու Ահմետի մտերմութիւնը դաժան ծեծի ենթարկել տուաւ Ահմետին:

Ծառայ էր Ահմետ, ո՞վ պիտի պաշտպանէր զինք, այպանելի արարքի մէջ նկատած էին զինք, բռնած էր Ֆաթմայի ձեռքը ու կ’երգէին..

Աւազներու վրայ արիւնլուայ նետուած Ահմետը անհետացաւ, քաշքռտուելով հասած էր այլ համայնք, անկէ Տէր-Զօր քաղաք:

1920 թուականն էր, Ահմետ գտաւ Տէր-Զօրի հայ համայնքը, զինք ուղարկեցին Հալէպ, հոն որբերու տան մէջ պատանի Արամը գտաւ իր ինքնութիւնը, ունեցաւ աշխատանք, հայ ուսուցիչը հայերէն դասեր կու տար իրեն իրիկունները, ցերեկային ծանր աշխատանքէն ետք բնաւ չէր տրտնջար: Պատմեց ուսուցչին Ֆաթմայի մասին: Ան կապեր ունէր որբահաւաքի ձեռնարկած մարդոց հետ, լսեց, հետաքրքրուեցաւ Ֆաթմայի գտնուած տեղին մասին, բայց ոչ մէկ խոստում:

Որբահաւաքի նուիրեալները գտան Ֆաթման, համոզեցին իրիկունը փախչիլ մինչեւ որոշ տեղ մը, ուր պիտի սպասէր որբահաւաքի նշանաւոր ինքնաշարժը: Ամէն ինչ յաջող ընթացաւ, Ֆաթմա հասաւ Հալէպ: Յաջորդ առաւօտ Ֆաթման որբանոց տանող կինը բախեց ուսուցչին դուռը:

−Այս աղջնակը որբանոց պիտի յանձնեմ, տիկի՛ն Իւլիւպէկեան,− ըսաւ ուսուցչին կնոջ, որ որբանոցի վերակացուներէն էր:

Տիկինը հետաքրքրուեցաւ, հարցուց անունը, լսեց պատմութիւնը: Իրիկունը պատմեց ամուսնոյն:

−Ֆաթման է ուրեմն,− բացագանչեց ուսուցիչը:

Արամի ու Ֆաթմայի հանդիպումը յուզիչ էր: Պատանիներուն աչքերուն մէջ կարօտն ու սէրը տողանցեցին, բայց անոնք մնացին անշարժ, զուսպ:

Ամիս մը ետք Ս․Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր պսակադրութեան արարողութիւնը, խաչեղբայրը հայերէն լեզուի դասատու ուսուցիչ՝ Պարոն Իւլիւպէկեանն էր:

Գ. Վայր- Լոս Անջելոսի հիւանդանոց

Մթութեան մէջ հեռուն՝ թեթեւ լոյս մը, թոյլ կայծի նման փայլատակեց, Յակոբ զգաց, որ մաս մը կ’անջատուի իր մարմնէն ու կը շարժի դէպի լոյսը, դէպի խողովակին ելքը:

Մայրն էր առաջին հանդիպած անձը, երեսին վրայ դաջուած կանաչ նախշերը չկային, լուսաւոր դէմք, փայլող աչքեր ու ժպիտ տեսաւ: Ան առաջ երկարեց ձեռքերը անհուն կարօտով, բայց յանկարծ ընկրկեցաւ: Հայրը յայտնուեցաւ կողքին, յոգնած էր, տխուր, նոյնիսկ խիստ: Բրտօրէն քաշեց մօր ձեռքը:

−Տղա՛ս, ինչո՞ւ եկար,− ըսաւ մայրը մեղմ, թէեւ թաքուն ուրախութիւն կար ձայնին մէջ:

−Գնա՛, գնա՛, ժամանակդ չէ հասած,− ըսաւ հայրը վանելով զինք:

Երբ կը պատրաստուէր վերադառնալ, լսեց հօր ձայնը:

«Մենք ինչպիսի չարչարանքներով կրցանք վերադառնալ մեր ազգին գիրկը, ձեզի հայկական կրթութեամբ մեծցուցինք, միայն մարդ չէ, հայ մարդ փորձեցինք կերտել, իսկ դո՞ւք․․․»

Ամօթահար խոյացաւ, թէ զինք մղեցին դէպի անցքը:

 

−Շաք, շաք, շաք… բժիշկին ձայնն էր:

Հարուածներ ու շունչ…

−Թէնքս կատ, հիզ ըլայվ (Փառք Աստուծոյ, ողջ է),− լսեց քնքոյշ ձայն մը:

Շարժեց մատները, աչքերը բացաւ, արդէն կը տեսնէր ժպտող հիւանդապահուհին ու գլուխը ցցած բժշկապետը:

Երբ զինք տարին վերակենդանացման բաժին, կինը թէ՛ կու լար, թէ՛ կը խնդար:

−Այս անգամ ալ յաղթեցի,−  թեւը երկարեց կնոջ:

Հիւանդապահուհին զգուշացուց, դուրս հրաւիրեց կինը, յուզուիլ կարելի չէր:

Շաբաթ մը ետք արդէն տուն փոխադրուած էր, զաւակները, նոյնիսկ բազմազբաղ թոռները ծաղկեփունջերով եկան:

−Օ՜ փափա՛, կրանտփա՛…

Շնորհակալ էր որ եկան, այս բազմազբաղ երկրին մէջ իրենց սուղ ժամանակը տրամադրեցին:

Ինք արդէն որոշում գոյացուցած էր:

−Մեր զաւակները թող ապրին իրենց կեանքով, հոս ազատ երկիր է, ես իմ խնայողութիւններս պիտի կտակեմ ծննդավայրիս հայկական կրթական հաստատութեան, Ճեմարանին, հոն՝ հայկական դաստիարակութեամբ հասակ նետող պատանիներուն:

Կնկան նայուածքը պահ մը պղտորեցաւ, յետոյ գլուխը կախ ըսաւ:

−Իրաւունք ունիս, սիրելի՛ս, միայն կը վախնամ… որ անոնք ալ մեր ճամբէն քալեն, բոլորն ալ խանդավառուած են գալ այս երկիր:

−Հիմա այնքան ալ դիւրին չէ,− մրթմրթաց Յակոբ, ինքզինք համոզելու եղանակով,− սա միակ բանն է, որ կրնամ ընել՝ յարգելու ծնողքիս յիշատակը:

                                                                                        Պերճուհի Աւետեան

                                                                                            Երեւան, 2025