ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ԿԱՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ 
ԱՐԱԳ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
 Ճատրակի ակադեմիային մէջ աւարտեցաւ Աշոտ Անաստասեանի յիշատակին նուիրուած արագ ճատրակի Հայաստանի առաջնութիւնը: Հայաստանի ախոյեան դարձաւ կրոսմայսթըր Կարէն Գրիգորեան, որ 7 հնարաւոր կէտէն վաստկեց 6 կէտ: 5,5 կէտով փոխախոյեան դարձաւ կրոսմայսթըր Զաւէն Անդրիասեան: Լաւագոյն եռեակը եզրափակեց Մանուէլ Պետրոսեան, որ նոյնպէս ապահովեց 5,5 կէտ: Կանանց պայքարի լաւագոյն արդիւնքը ապահովեց կանանց կրոսմայսթըր Մարիամ Մկրտչեան: Մինչեւ 16 տարեկան պատանիներու պայքարի լաւագոյն արդիւնքով հանդէս եկաւ Վոլոտիա Թորոսեան։ Վեթերաններու պայքարին լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց միջազգային վարպետ Աշոտ Նատանեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՔԱՄԱՒԻՆԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է 
ԱՐՍԵՆԱԼԻ ԵՒ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ԿՈՂՄԷ
Անգլիական Արսենալն ու Լիվըրփուլը կը պայքարին ձեռք ձգելու Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի կիսապաշտպան Էտուարտո Քամաւինկան. Այս մասին տեղեկացուց Caught Offside-ը: 23-ամեայ ֆութպոլիստի փո-խադրութեան արժէքը կրնայ հասնիլ 100 միլիոն եւրոյի։ Ընթացիկ մրցաշրջանին, Քամաւինկան մասնակցած է 24 հանդիպումի, նշանակած է միայն 2 կոլ, եւ կատարած 1 կոլային փոխանցում։ Անոր պայմանագիրը Ռէալին հետ նախատեսուած է մինչեւ Յունիս  2029։
Այս տարեշրջանին Քամաւինկայի խաղարկութեան մակարդակը այդքան գոհացուցիչ չդարձաւ համակիրներուն համար, ուստի տարբեր առիթներով անոնք պահանջեցին ֆրանսացի խաղացողին հեռացումը դաշտէն:
ՊԵԼԻՆԿՀԱՄ ՔԱՆԻ ՄԸ ՇԱԲԱԹՈՎ 
ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 22-րդ փուլի մրցոումներուն, Կիրակի օր, Ռէալ Մատրիտ- Ռայո Վալիքանոյի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, մայրաքաղաքի խումբի անգլիացի խաղացող Ժուտ Պելինկհամ, 8-րդ վայրկեանին մկանային ծանր վնասուածքի մը հետեւանքով հեռացաւ դաշտէն: Ան դուրս մեկնած ատեն չկրցաւ զսպել արցունքը: Խումբի մարզիչ Արփելա դաշտ ուղղեց մարոքցի Իպրահիմ Տիազը:  Հանդիպումը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով: Ռէալի առաջին կոլի հեղինակը դարձաւ Վինիսիոս Ժունիըրը՝ 17-րդ վայրկեանին, իսկ մրցակիցը 49-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Մրցումի 98-րդ վայրկեանին, Քիլիան Մպափէ տուգանային հարուածով արձանագրեց Ռէալ Մատրիտի յաղթանակի կոլը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան