ՏԵՂԱԿԱՆ
– Սուրիոյ Մարզանքի եւ Երիտասարդութեան Նախարարութիւնը երկրին մէջ տիրող պայմաններուն բերումով մէկ շաբաթով դադրած յայտարարեց մարզական բոլոր մրցաշարքերը: Երկրի բոլոր մարզախաղերը, ճշդուած ժամկէտին, հերթական դրութեամբ կրկին պիտի վերադառնան իրենց մրցաշարքերուն:
– Սուրիոյ Քարամէի, Ֆիտաաի եւ Ուահտէի պասքեթի տղոց խումբերը մեկնեցան Տուպայ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու տեղւոյն պասքեթի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի կ’ունենայ ամէն տարի:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի խումբը նոր մարզիչին հետ շարունակեց իր դրական արդիւնքը՝ ախոյեանութեան մրցաշարքին պարտութեան մատնելով աղիւսակի երրորդ դիրքը գրաւող Վիլա Ռէալը: Սպանիոյ առաջնութեան 2025/2026 մրցաշրջանի 21-րդ փուլին, Ռէալ Մատրիտը «Լա Սերամիքա» մարզադաշտին վրայ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը: Արքայական խումբի երկու կոլերու հեղինակը դարձաւ ֆրանսացի յարձակողական մարզիկ Քիլիըն Մպափէն. կոլերուն մէկը եղաւ տուգանային հարուածով:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ՕՎԻԷՏՈՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 21-րդ փուլի մրցումներուն, Պարսելոնան մնաց աղիւսակի առաջին դիրքին վրայ՝ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով վերջին դիրքի վրայ գտնուող Օվիէտոն: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ. քաթալոնէական ակումբը կազմաւորելով իր խաղարկութեան ոճը, կրցաւ 52-րդ վայրկեանին ցնցել մրցակիցի դարպասը Տանի Օլմոյի միջոցաւ, որմէ հինգ վայրկեան ետք Ռաֆինիա կրկնապատկեց արդիւնքը: Պարսելոնան շարունակելով իր խիտ յարձակումները, 73-րդ վայրկեանին Լմայն Եըմալի գեղեցիկ կոլով եզրափակեց արդիւնքը. հանդիպումը շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ՝ 3 – 0 արդիւնքով: Այսպիսով, 52 կէտով առաջին դիրքի վրայ մնաց Պարսելոնան, որուն յաջորդեց Ռէալ Մատրիտը՝ 51 կէտով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան


