Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Երեքշաբթի 3 Փետրուարին Դամասկոսի Ժողովրդական պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ Քրտական Ազգային Խորհուրդի պատուիրակութեան հետ։
Հանդիպման ընթացքին նախագահը հաստատեց պետութեան յանձնառութիւնը՝ սահմանադրութեան հիման վրայ երաշխաւորելու քիւրտ քաղաքացիներու իրաւունքներու պահպանումը։

Պատուիրակութիւնը, իր կարգին, ողջունեց նախագահի 13 թուակիր հրամանագիրը եւ զայն կարեւոր քայլ համարեց իրաւունքներու պահպանման եւ մշակութային ու ընկերային իւրայատկութիւններու անձեռնմխելիութեան առումով։

Յիշեցնենք, որ 16 Յունուարին նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հրապարակեց 2026-ի 13 թուակիր հրամանագիրը, որ կը հաստատէր սուրիացի քիւրտ քաղաքացիներու Սուրիոյ ժողովուրդի անբաժան մասը ըլլալու իրողութիւնը, պարզելով որ անոնց մշակութային եւ լեզուական ինքնութիւնը սուրիական բազմազան եւ միասնական ազգային ինքնութեան անբաժանելի մասն է։